Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բողոքի Շարժում Երեւանի Քաղաքապետին Դէմ. «Կը Մերժենք Տարօնը»

May 17, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կը մերժենք Տարօնը» բողոքի շարժումին մասնակիցները, որոնք երէկ քաղաքապետարանին առջեւ հաւաքուած էին, ներխուժեցին քաղաքապետարանի շէնք: Անոնք կը վանկարկէին` «Տարօ՛ն, հեռացի՛ր»:

Լարուած իրավիճակ կը տիրէր քաղաքապետարանին մէջ, ուր հաւաքուած էին խումբ մը քաղաքացիներ, որոնք կը փորձէին ներս մտնել, սակայն տեղւոյն անվտանգութեան աշխատակիցները չէին արտօներ անոնց յառաջանալ: Անոնք կ՛ուզէին հանդիպիլ քաղաքապետին հետ:

Բողոքի ցոյցի մասնակիցները, բացի քաղաքապետի հրաժարականէն, կը ցանկային պարզաբանութիւն ստանալ Շահումեան հրապարակի յարակից տարածքին մէջ գտնուող այգիի քանդման վերաբերեալ:

Այս մթնոլորտին մէջ Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի քարտուղար Սերկէյ Մակարեան դիմեց Հայաստանի ոստիկանութեան պետին` միջամտելու խնդրանքով: Դիմումին մէջ մասնաւորապէս նշուեցաւ.

«Յարգելի՛ պրն Օսիպեան,

Օրէնսդրութեան խախտումով տեղի ունեցած է ներխուժում` Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան կողմէ պահպանուող պետական պահպանութեան կեդրոն հանդիսացող Երեւանի քաղաքապետարանի շէնք, խոչընդոտելով քաղաքապետարանի աշխատանքի բնականոն ընթացքը:

Կը դիմենք ձեզի` ձեռնարկելու միջոցներ ոչ օրինական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ քաղաքապետարանի բնականոն գործունէութիւնը վերականգնելու համար»:

«Թող Տարօն Մարգարեանը Իջնէ Վար»

Այս միջոցին փոխքաղաքապետ Դաւիթ Օհանեան բողոքի ցոյցի քաղաքապետարան ներխուժած  մասնակիցներուն առաջարկեց խնդիրին շուրջ անոնց մասնակցութեամբ քննարկում կազմակերպել:

Փոխքաղաքապետը առաջարկեց երթալ «Մոսկուայի տան» մեծ դահլիճը, ուր պիտի գան համապատասխան մասնագէտներն ու քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը` քննարկելու հարցը: Բողոքի ցոյցի մասնակիցները մերժեցին` նշելով, որ իրենք նախասրահին մէջ պիտի սպասեն Տարօն Մարգարեանը:

Ապա փոխքաղաքապետը յայտարարեց, որ քաղաքապետը պատրաստ է հանդիպման, եւ բողոքի ցոյցի մասնակիցներէն խնդրեց 20 հոգիէ բաղկացած խումբ մը կազմել ու բարձրանալ քաղաքապետին մօտ: Բողոքի ցոյցի մասնակիցները նշեցին, որ կը պահանջեն բաց հանդիպում: «Թող քաղաքապետը իջնէ վար», յայտարարեցին անոնք:

Տարօն Մարգարեան Մտադիր Չէ Հրաժարական Տալ

Աւելի ուշ քաղաքապետարանին դիմաց բողոքի ցոյց իրականացնող, մասնաւորաբար` քաղաքապետի հրաժարականը պահանջող  քաղաքացիներուն մօտ իջաւ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը: Նշենք, որ քաղաքապետարանին դիմաց հաւաքուած էին նաեւ քաղաքապետին սատարող խումբ մը քաղաքացիներ, որոնց ալ իր խօսքը ուղղեց Տարօն Մարգարեանը` անոնց շնորհակալութիւն յայտնելով:

«Շնորհակալ եմ, որ միշտ եղած էք մեր կողքին, որ միշտ հաւատացած էք մեզի:  Շնորհակալ եմ, կը պաշտպանէք ձեր քաղաքապետը, մենք միասին պիտի կառուցենք մեր Երեւան քաղաքը», ըսաւ Տարօն Մարգարեան:

Ինչ կը վերաբերի իր դէմ բողոքող քաղաքացիներուն, Տարօն Մարգարեան վստահեցուց, որ մինչեւ հիմա չէր իջած բողոքողներուն մօտ, որովհետեւ աշխատանքային այցելութեամբ այլ վարչական շրջանի մէջ կը գտնուէր, եւ լսելով բողոքի ցոյցին մասին, շտապած էր քաղաքապետարան:

«Կը յարգեմ մեր երեւանցիներուն խօսքը, մենք միշտ լսած ենք երեւանցիներուն եւ անպայման հաշուի կ՛առնենք բոլոր խնդիրները: Մեր ծրագիրները, որոնք յառաջիկայ 5 տարուան համար նախատեսած ենք, պիտի իրականացնենք», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով  իր  հրաժարականի պահանջին` քաղաքապետը նշեց, որ տեղական ինքնակառավարման մարմինը անկախ է:

«Ամբողջ աշխարհին մէջ ընդունուած չէ, որ քաղաքական ուժ մը իշխանութեան գայ եւ փորձէ ճնշել տեղական ինքնակառավարման ընտրովի մարմիններուն վրայ», նշեց Տարօն Մարգարեան:

 

 

 

Նախորդը

Այսօր Երուսաղէմի Հարցով Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Արտակարգ Ժողով

Յաջորդը

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Միջեւ

RelatedPosts

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին

January 13, 2026
Լիլիթ Գալստեան ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական  Վեհաժողովի Պաշտօնեաներուն Նամակներ Ուղարկած Է`  Ներկայացնելով Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան  Եւ Բռնաճնշումներու Պատկերը
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պաշտօնեաներուն Նամակներ Ուղարկած Է` Ներկայացնելով Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Եւ Բռնաճնշումներու Պատկերը

January 13, 2026
Թրքական Օդանաւային Ընկերութիւնը Պոլիսէն  Երեւան Ուղղակի Թռիչքներ Պիտի Կատարէ
Հայկական

Թրքական Օդանաւային Ընկերութիւնը Պոլիսէն Երեւան Ուղղակի Թռիչքներ Պիտի Կատարէ

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.