Երէկ Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ:
«Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը եւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները: Ազրպէյճան հաւատարիմ է առարկայական բանակցութիւններուն` ուղղուած տագնապի շուտափոյթ լուծման», իր թուիթըրեան էջին վրայ գրած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ:
Միւս կողմէ, Մինսքի խմբակի համանախագահները կ՛ակնկալեն Հայաստանի ղեկավարութեան հետ հանդիպիլ յունիսին: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ԵԱՀԿ լրատուական ծառայութենէն: