Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Թրքական Կուսակցութիւնները Ինչպէ՞ս Նշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակը

Մայիս 14, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Հակառակ անոր որ թրքական իշխանութիւնները այս տարի արգիլեցին «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրին հրապարակային օգտագործումը, եւ հակառակ անոր որ այս օրերուն Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութիւնը կ՛ոտնակոխուի, լրատուամիջոցները կը փակուին եւ լրագրողները կը բանտարկուին, այսուհանդերձ, կարգ մը ձախակողմեան կուսակցութիւններ նշեցին Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակը:

Սկսինք Թուրքիոյ խորհրդարանի երրորդ մեծ կուսակցութենէն` ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն, որ հանդէս եկաւ` «Մենք կը կիսենք 103 տարուան ցաւն ու տառապանքը» խորագիրով յայտարարութեամբ: Այս յայտարարութիւնը պատմական ակնարկ մը կը կատարէ 1915-ին հայ մտաւորականներու ձերբակալութիւններուն, ապա` գնդակահարութեան, տեղահանութեան եւ ջարդերուն: Խօսելով ջարդերու մասին` յայտարարութիւնը կ՛անդրադառնայ նաեւ յոյներու եւ ասորիներու կոտորածներուն: Ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան, ապա Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը զայն կ՛անուանէ «կազմակերպուած ցեղային բնաջնջում», իսկ նպատակը` «մէկ ցեղէ, մէկ կրօնէ, մէկ լեզուէ կազմուած միատարր հասարակութեան մը կերտումը»:    Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Ցեղասպանութեան անպատիժ մնալուն պատճառով հետագային նմանօրինակ արարքներ տեղի ունեցան Տէրսիմի, Սեբաստիոյ, Տիգրանակերտի Սուր շրջանին եւ այլ շրջաններու մէջ: Յայտարարութիւնը կը նշէ, որ 103 տարուան վրայ երկարող «ժողովրդագրական կառուցուածքի փոփոխութեան, տեղահանութեան եւ քաղաքներու պաշարման» քաղաքականութիւնները մինչեւ օրս կը շարունակուին: Յայտարարութիւնը կ՛եզրափակուի հետեւեալ տողերով. «Այսօր մենք կոտորածներուն կազմակերպիչներն ու իրագործողները կ՛անիծենք: Ապագային մարդկութեան դէմ ոճիրներուն այլընտրանքը հաւասարութիւնն է: Ժողովուրդը կը ցանկայ արդարութիւն եւ հաւասարութիւն, այլ ոչ թէ` ողորմութիւն: Իբրեւ Անատոլուի հին ժողովուրդներու թոռներ ,մենք կը կիսենք 103 տարուան դառնութիւնը, որ կը նկատուի ամօթ մարդկութեան ճակտին, եւ անգամ մը եւս տխրութեամբ եւ յարգանքով կը յիշենք այն անձերը, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին»:

Յեղափոխական ընկերվարական բանուորներու կուսակցութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որ ընդգրկեց պատմական ակնարկ` 24 ապրիլին հայ քաղաքական եւ մտաւորական դէմքերու ձերբակալութիւններուն մասին: Յայտարարութիւնը աւելցուց. «Մենք պարտք ունինք Հրանդ Տինքին, Սեւակ Պալըքճըին եւ աշխարհի տարածքին ցրուած մեր եղբայրներուն նկատմամբ: Այդ պարտքը մենք պիտի տանք մեր սեփական խիղճին համար»: Կեդրոնանալով պոլսահայ համայնքին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն վրայ` յայտարարութիւնը կը նշէ. «Մենք չենք ուզեր կրկնապատկել ցաւը, մենք կ՛ուզենք վերջ տալ ժխտողականութեան: Այս համայնքը ժամանակ չունի կորսնցնելու աւելի հանդուրժողականութիւն: Վե՛րջ ցեղապաշտութեան եւ ազգայնամոլութեան»:

Ընկերվարական վերանորոգուած կուսակցութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ` «Արգիլենք ջարդերը, եկէք` դիմակայենք Ցեղասպանութիւնը` յանուն արդարութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան» խորագիրով: Յայտարարութեան մէջ ընդգրկուած են նաեւ 1915-ին օսմանեան կառավարութեան կողմէ այլ ազգերու նկատմամբ տեղի ունեցած ջարդերը: Անիկա կը սկսի հետեւեալ տողերով. «Իթթիհատականներու, հանրապետականներու եւ անոնց գործակիցներուն կողմէ հայերուն, ասորիներուն, քաղդէացիներուն, յոյներուն եւ եզիտիներուն նկատմամբ ցեղասպանութեան 103-ամեակն է: Մենք կոչ կ՛ուղղենք Թրքական Հանրապետութեան, որ պետականօրէն ընդունի Ցեղասպանութիւնը»: Յայտարարութիւնը նաեւ կը կեդրոնանայ օսմանեան ժամանակաշրջանէն ժառանգուած ներկայ թրքական ազգայնամոլ մտածելակերպին եւ անոր զանազան դրսեւորումներուն վրայ` նշելով, որ օսմանեան ժամանակաշրջանէն ձեռք բերուած մտածելակերպը շարունակուեցաւ հանրապետութեան ընթացքին: Տէրսիմէն Մարաշ, Սեբաստիայէն Ռոպոսքի, Ճիզրէ, Մծբին եւ Սուր կրկին ու կրկին շարունակուեցան օսմանեան քաղաքականութիւնները` հանրապետական տարբեր կառավարութիւններու կողմէ»:   Թուրքիոյ ներկայ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը, առաւել եւս Միջին Արեւելքի հարցերուն միջամտութեան քաղաքականութիւնները ընկերվարական վերանորոգուածները կ՛անուանեն «օսմանականութեան մղիչ ուժ»: Ներկայ փուլի կողմնորոշման մասին յայտարարութիւնը կը նշէ. «Մեր հարցն է շարունակել պայքարը, մինչեւ որ ժողովուրդը հալածողները եւ ժողովուրդի շահագործողները դադրին գոյութիւն ունենալէ: Մեր պահանջն է, որ հայերը, քիւրտերը, ալեւիները, եզիտիները, լազերը, ասորիները, արաբներն ու ղպտիները ապրին հաւասար պայմաններու մէջ»: Յայտարարութիւնը կ՛աւարտի հետեւեալ կերպով. «Ընկերվարական վերանորոգուած կուսակցութիւնը կ՛ուզէ բարձր ճակատով նայիլ պատմութեան եւ ընդունիլ ճշմարտութիւնը` Ցեղասպանութիւնը, ժողովուրդներու իրաւունքներուն ապահովումով եւ հաւասար կարելիութիւններու ընձեռումով: Կեցցէ՛ ժողովուրդներուն եղբայրութիւնն ու հաւասարութիւնը»:

Կանաչ ձախ կուսակցութիւնը Դիմատետրի իր էջին վրայ յայտարարութիւն մը տարածեց` «103 տարի. մենք չենք մոռնար» խորագիրով: Յայտարարութիւնը անդրադարձաւ 1915-ին Ցեղասպանութեան ժամանակ տեղի ունեցած մտաւորականներու եւ քաղաքական գործիչներու ձերբակալութիւններուն, բնակչութեան տեղահանման, կալուածներու բռնագրաւման, տուներու եւ եկեղեցիներու հրկիզման: Կանաչ ձախերու յայտարարութեան մէջ յատկանշական է հայոց իրավիճակին նկարագրութիւնը Ցեղասպանութիւնէն ետք: Անոնք այս հարցին կ՛անդրադառնան` գրելով. «Փրկուածները ստիպուեցան իրենց անուններն ու կրօնը փոխել ու ծպտուիլ` խուսափելու համար զրկանքէն»: Յայտարարութիւնը Հրանդ Տինքի եւ Սեւակ Պալըքճըի սպանութիւնները իրագործողները բնորոշեց հետեւեալ կերպով. «Անոնք, որոնք իթթիհատականները կը նկատեն իտէալ տիպարներ»: Յայտարարութեան վերջաւորութեան կանաչ ձախերը կ՛անդրադառնան թրքական ներկայ համակարգին` ընդգծելով. «Մեր երկիրը այսօր աւելի արտակարգ վիճակի մէջ է, քան երէկ: Սահմանադրական փոփոխութեան հանրաքուէի արդիւնքները ցոյց տուին, որ միանձնեայ պետական համակարգը յեղաշրջում կատարած է իր ժողովուրդին դէմ: Բոլոր անոնք, որոնք ո՛չ քուէարկեցին, շատ լաւ կը հասկնան 1915-ի պատգամները: Կանաչ ձախը իր յայտարարութիւնը կ՛եզրափակէ` հետեւեալ ձեւով ներկայացնելով իր ապագայի տեսլականը. «Կուսակցութիւնը կը կիսէ ցաւը ու կը ձգտի զօրացնել միասին ապրելու կարելիութիւնները` հաւասար իրաւունքներ ապահովելով: Մենք պիտի նայինք անցեալին, պիտի պայքարինք միասին` ժողովրդավարական հանրապետութեան մը համար, ուր հայերը կ՛ունենան քաղաքացիական հաւասար իրաւունքներ, ուր անոնք կ՛ունենան ինքնութեան բացայայտման լիիրաւ իրաւունք եւ կ՛ազատագրուին ծպտուելէ: Մենք յարգանքով կը խոնարհինք 1915-ին  բոլոր սպաննուած մարդոց յիշատակին առջեւ»:

Զրկուածներու ընկերվարական կուսակցութիւնը կարճ յայտարարութիւն մը տարածեց Դիմատետրի իր էջին վրայ: Յայտարարութեան մէջ կը նշուէր. «Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ կատարուած մեծագոյն յանցագործութիւններէն մէկն է, որ տեղի ունեցաւ միատարր պետութիւն կազմելու նպատակով: Անհասկնալի է ճշմարիտ ազատութիւնը` առանց ընդունելու ապրիլ 24-ը»:

Յիշեալ կուսակցութիւններուն յայտարարութիւնները դիմադրական միջոցներ են` ընդդէմ իշխող կուսակցութեան նորօսմանական ժխտողական քաղաքականութեան եւ իր դաշնակիցին` Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անհանդուրժողականութեան, այլամերժ եւ ցեղապաշտ քաղաքականութիւններուն: Վերը նշուած կուսակցութիւններն են, որոնք ապագային մեծ ներդրում կրնան ունենալ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մէջ եւ պատմական արդարութեան վերականգման առումով:

 

Նախորդը

Հայաստանի Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը

Յաջորդը

Ներգաղթի Դասը` Հայրենադարձութեան Յաջողութեան Մեկնակէտ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?