ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Սերժ Սարգսեան պաշտօնէն հրաժարելէն ետք երկրին մէջ ստեղծուած «պրկուած քաղաքական» իրավիճակը խաղաղ ձեւով լուծուեցաւ` Հայաստանի ընդդիմադիր ուժի ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի Հայաստանի Հանրապետութեան նոր վարչապետ ընտրուելով:
8 մայիս 2018 թուականին քաղաքական գործիչ Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանին կողմէ վարչապետ ընտրուեցաւ: Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի այս պատմական որոշումը անտարակոյս նոր էջ մը պիտի բանայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կեանքին մէջ:
Ըստ իս, այս թուականը հայ ժողովուրդին համար «պատմական ու յաղթանակի օր» մըն է, որովհետեւ մինչ այդ Հայաստանի մէջ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան որդեգրած վարչաձեւը եւ քաղաքականութիւնը երկրին մէջ ստեղծած էին «հսկայ ու լուրջ պրկուած ու մտահոգիչ իրավիճակ» մը, որ կուտակուած էր տարիներու ընթացքին:
Երկրի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կեանքի անբարեկեցիկ իրավիճակին դէմ հայ ժողովուրդի ու հայ երիտասարդութեան համբերութիւնը յորդեցաւ եւ «անձայնութիւնը» իր աւարտին հասաւ:
Հայաստանի ընդդիմադիր ուժի ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդութեամբ հայ ժողովուրդի ու հայ երիտասարդութեան համագործակցութեամբ Հայաստանի մէջ սկսաւ «համաժողովրդային քաղաքական շարժում» մը` նպատակ ունենալով երկրի բարեկեցութեան ու բարօրութեան համար բարեփոխութիւններ կեանքի կոչել: Հայ ժողովուրդը իր արդար այս պահանջին համար կազմակերպուած ձեւով, յամառ կեցուածքով ու վճռականօրէն շարժման անցաւ: Հայ ժողովուրդի այս արդար պահանջը, երկրի մէջ սահմանադրական բարեփոխումները կեանքի կոչելու ճանապարհին մէջ, մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան, օրէնքի, արդարութեան դրութիւններու գերակայութեան ամուր հաստատման ճանապարհի սկիզբն է ու ժողովուրդի վճռակամութեան ակնյայտ ցոյցը: Հակառակ երկրի ներքաղաքական պրկուած վիճակի «համաժողովրդական շարժումը» մնաց խելացի, խաղաղ ընթացքի մէջ եւ պսակուեցաւ խաղաղ «յաղթանակ»-ով մը, որ ըստ իս, «թաւշեայ յեղափոխութիւն» մըն է եւ ողջունելի ու նաեւ` համայն աշխարհին օրինակելի:
Հայաստանի «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» արդիւնք է հայ ժողովուրդի գիտակցութեան, խաղաղասիրութեան, քաղաքավարութեան, ժողովրդավարական հասկացողութեան, որ հպարտութիւնն եւ պատիւն են համայն հայութեան:
Շնորհալի թող ըլլայ «հայ ժողովուրդին թաւշեայ յեղափոխութիւնը»:



