Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (10 Մայիս 2018)

Մայիս 10, 2018
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ բազմավաստակ ՀՄԸՄ-ական, Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԷՕՅԻՒՔԵԱՆի

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 9 մայիս 2018-ին, Քանատայի մէջ:

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

—————————————-

ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԿՈՅՍԵՐՈՒ
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՂՕԹՔ ԵՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 14 ՄԱՅԻՍԷՆ
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 28 ՄԱՅԻՍ 2018

Ի գիտութիւն հաւատացեալ ժողովուրդին կու գանք տեղեկացնելու, թէ Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնին առիթով տեղի պիտի ունենայ աղօթք երկուշաբթի, 14 մայիսէն երկուշաբթի, 28 մայիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-էն 8:00, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Աղօթքի աւարտին պիտի փոխանցուի պատգամ թեմիս քահանայ հայրերուն կողմէ:

  • Երկուշաբթի, 14 մայիս 2018

Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթքի բացում` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ թեմիս քահանայից դասուն:

  • Երեքշաբթի, 15 մայիս 2018

Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթք եւ պատգամ: Նիւթ` «Երանի հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը»: Քարոզիչ Արժ. Տ. Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան:

  • Չորեքշաբթի, 16 մայիս 2018

Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթք եւ պատգամ: Նիւթ` «Երանի սգաւորներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ մխիթարութիւն պիտի գտնեն»: Քարոզիչ` Արժ. Տ. Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան:

  • Հինգշաբթի, 17 մայիս 2018

Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթք եւ պատգամ: Նիւթ` «Երանի հեզերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը»: Քարոզիչ Արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Հէճինեան:

  • Ուրբաթ, 18 մայիս 2018

Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթք եւ պատգամ: Նիւթ` «Երանի անոնց, որոնք արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունին, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան»: Քարոզիչ Արժ. Տ. Յակոբ քհնյ. Պզտիկեան:

  • Երկուշաբթի, 21 մայիս 2018

Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթք եւ պատգամ: Նիւթ` «Երանի ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ ողորմութիւն պիտի գտնեն»: Քարոզիչ` Արժ. Տ. Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քէրքէզեան:

  • Երեքշաբթի, 22 մայիս 2018

Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթք եւ պատգամ: Նիւթ` «Երանի անոնց, որոնք սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն»: Քարոզիչ` Արժ. Տ. Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան:

  • Չորեքշաբթի, 23 մայիս 2018

Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթք եւ պատգամ: Նիւթ` «Երանի անոնց, որոնք խաղաղութեան հաստատումին համար կ՛աշխատին, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»: Քարոզիչ` Արժ. Տ. Շնորհք քհնյ. Արթինեան:

  • Հինգշաբթի, 24 մայիս 2018

Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթք եւ պատգամ: Նիւթ` «Երանի անոնց, որոնք կը հալածուին արդարութեան համար, որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը»: Քարոզիչ` Արժ. Տ. Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան:

  • Ուրբաթ, 25 մայիս 2018

Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթք եւ պատգամ: Նիւթ` «Երանի ձեզ, երբ մարդիկ նախատեն եւ հալածեն ձեզ, կամ ստելով` ձեր մասին ամէն տեսակի զրպարտութիւն ընեն իմ հետեւորդներս ըլլալնուդ համար: Ցնծացէ՛ք եւ ուրախացէ՛ք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ է երկինքին մէջ»: Քարոզիչ` Արժ. Տ. Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան:

  • Երկուշաբթի, 28 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին

Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր սուրբ պատարագ, որուն պիտի յաջորդէ ջրօրհնէք Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով:

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու վերոյիշեալ արարողութեանց եւ մասնակից դառնալու այս առիթով տեղի ունենալիք հանդիսաւոր ուխտի Ս. պատարագին ու ջրօրհնէքին եւ օրհնութիւնը ստանալու սրբազան մասունքներէն, որոնք զետեղուած պիտի ըլլան Ս. խորանին վրայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

—————————————-

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԵՐՈՒԱՆԴ ՉԱԹԱԼՊԱՇԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 13 մայիս 2018-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԱԼԻՍ ՊԱՅԹԱՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 13 մայիս 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

—————————————-

Հովանաւորութեամբ`
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան

Կազմակերպութեամբ`
ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՍՐԲԱԴԱՍՈՒԱԾ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ`
ԺԻՊԷՅԼԻ «ՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆ»-Ի ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Խօսք կ՛առնէ`
ԱՐԺ. Տ. ՍԱՐԳԻՍ ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Ապա այցելութիւն`
Ժիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»-ի «Արամ Պէզիքեան» թանգարան

Տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 15 մայիս 2018-ին:
Մեկնում` առաւօտեան ժամը 9:00-ին:
(Երթեւեկ, նախաճաշ, ոգեկոչում, սակ` 15.000 լ. ոսկի):
Մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել 01-265359 թիւին:

—————————————-

ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

2018-Ի ՃԱՄԲԱՐ

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿԱՊՈՅՏ ԽԱՉԻ ՊԵԼՖՈՆԹԵՆԻ ԿԱՅԱՆ

Ժամանակամիջոց` 27 յուլիսէն 12 օգոստոս
Փարիզ ժամանում` 26 յուլիս
Փարիզէն մեկնում` 13 օգոստոս
Մասնակցող պատանիներու տարիք` 10-15 տարեկան

Մանրամասնութիւններու եւ արձանագրութեան համար կապ հաստատել ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ` 01/265359 թիւին, մինչեւ 26 մայիս 2018:

—————————————-

ԾԱԽՈՒ ԽԱՆՈՒԹ

Պուրճ Համուտի մէջ, 22 քառ. մեթր + վերնայարկ:
Դիմել` հեռ. 03-694511:

—————————————-

ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Ժեհթաուի, «Սեն Մարք»-էն առաջ մայր պողոտայի վրայ: 2 ննջասենեակ, ճաշասենեակ, հիւրասենեակ + 2 բաղնիք + 3 պատշգամ: 2-րդ յարկ, գեղատեսիլ դիրք: Դիմել` հեռ. 70-170408:

—————————————-

 ԾԱԽՈՒ ՇԷՆՔ

Այնճարի Մէջ, 3 Յարկանի, Գին` 225000$: Դիմել` Հեռ. 03-321252:

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ
ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

19 ՄԱՅԻՍ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆ

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

15 ՅՈՒՆԻՍ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ

25 ԵՒ 26 ՅՈՒՆԻՍ 2018

Նախորդը

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Տղոց Ա. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւնը Սկսաւ

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Ռիատի` 1-1. Այսօր` Երրորդ Մրցումը Երեկոյեան Ժամը 20:40-ին

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (9 Յուլիս 2025)

Յուլիս 9, 2025
Յայտարարութիւններ

Մամլոյ Արձակուրդ

Յուլիս 5, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (5 Յուլիս 2025)

Յուլիս 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?