Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բանակը Երկրին Քաղաքական Տարբեր Ուժերէն Եւ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Թեկնածուներէն Նոյն Հեռաւորութեան Վրայ Կը Գտնուի» Շեշտեց Բանակի Հրամանատարը

April 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի սպաներուն հետ:

Զօր. Աուն հաստատեց, որ ներքին լիբանանեան կացութիւնը բացառիկ է` աւելցնելով, որ ներքին ապահովական կայունութիւնը հաստատուած է, իսկ  քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորուած է բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն ջանքերով:

Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն` զօր. Աուն շեշտեց, որ բանակը երկրին քաղաքական տարբեր ուժերէն եւ երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածուներէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի:

«Բանակին համար կարեւորը երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումն է, երեսփոխանական ընտրութիւններու անվտանգ ու խաղաղ մթնոլորտի ապահովումը, ահաբեկչական քնացած բջիջներու բացայայտումը, թշնամի Իսրայէլի սպառնալիքներուն դիմադրութիւնը` յատկապէս նկատի ունենալով հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջանին վրայ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ կառուցուող քարաշէն պատը, ծովային սահմաններն ու Շեպաայի մէջ տիրող կացութիւնը», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն դրուատեց լիբանանեան բանակին զոհողութիւնները` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Միւս կողմէ, ան հաստատեց, որ ինք նախանձախնդիր է բանակայիններու իրաւունքներուն պաշտպանութեան` աւելցնելով, որ բանակի հրամանատարութեան համար զինուորներուն իրաւունքները առաջնահերթութիւն են:

Զօր. Աուն կոչ ուղղեց յաւելեալ զոհողութիւններու պատրաստ ըլլալու` դէմ դնելու համար թշնամի Իսրայէլի սպառնալիքներուն, հետապնդելու ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն անդամներն ու բջիջները, ինչպէս նաեւ գիտակցութեան, կարգապահութեան եւ բացարձակ չէզոքութեան մթնոլորտի մէջ ապահովելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը:

Նախորդը

Լիբանանահայութեան Զօրակցական Կեցուածքներ Եւ Լիբանանեան Մամուլին Ու Լրատուամիջոցներուն Անդրադարձը Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի Ոգեկոչումներուն

Յաջորդը

Լիբանանի Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով. Արտերկրի Լիբանանցիները Արաբական Վեց Երկիրներու Մէջ Մասնակցեցան 2018-ի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.