Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով. Արտերկրի Լիբանանցիները Արաբական Վեց Երկիրներու Մէջ Մասնակցեցան 2018-ի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն

April 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, երէկ արտերկրի լիբանանցիները մասնակցեցան 2018-ի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն` համաձայն ընտրական նոր օրէնքին:

Արտերկրի լիբանանցիներուն տրուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան իրաւունքին առաջին փուլը աւարտեցաւ երէկ, երբ արաբական վեց  երկիրներու մէջ տեղի ունեցան ընտրութիւնները:

Այդ երկիրներն են` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար, Սէուտական Արաբիա, Քուէյթ, Օման եւ Եգիպտոս:

Երէկ գիշերուան ժամը 11:00-ին փակուեցան վեց արաբական երկիրներու մէջ գտնուող քուէակեդրոնները եւ իբրեւ սկզբնական համեմատութիւն` տեղեկատուական աղբիւրներ հաստատեցին, որ արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան համեմատութիւնը հասած է 66 առ հարիւրի:

Նշենք, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու նպատակով առցանց արձանագրուած` արաբական երկիրներու մէջ ապրող լիբանանցիներուն թիւը 12.615 էր:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը մօտէն հետեւեցաւ ընտրութիւններուն եւ գումակային, թեքնիք թէ այլ բոլոր օժանդակութիւնները կրցաւ տրամադրել ու հարցերը լուծել:

Նկատի ունենալով կարմիր մոմով փակուած քուէատուփերուն Լիբանան փոխադրութեան հարցը, երէկ գիշեր անդրադարձ կատարուեցաւ, թէ «Տի. Էյչ. Էլ.»-ի արագ փոխադրութեան սպասարկութեան ընկերութիւնը ուրբաթ օր չի գործեր:

Արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Հանի Շմայթլի յայտնեց, որ նկատի ունենալով այս կացութիւնը, քուէատուփերը մինչեւ այսօր առաւօտ պիտի մնան քուէարկութեան կեդրոններուն մէջ` կեդրոնին պատասխանատուին եւ ներկայացուցիչներուն հսկողութեան տակ, եւ ապա պիտի յանձնուին «Տի. Էյչ. Էլ.»-ին, որ զանոնք Լիբանան պիտի փոխադրէ:

Մինչ արտերկրի լիբանանցիները կը քուէարկէին իրենց գտնուած արաբական երկիրներուն մէջ, արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ զետեղուած պաստառներէն ուղղակի կը սփռուէր քուէարկութեան ընդհանուր ընթացքը:

Այս առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին այցելեց Պուսթրոս պալատ, ուր դիմաւորուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ:

Նախագահ Աուն ողջունեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցող արտերկրի քաղաքացիները` աւելցնելով, որ լիբանանցիին համար անկարելի բան գոյութիւն չունի:

Հետեւելէ ետք ընտրութեան հոլովոյթին` նախագահ Աուն բարձր գնահատեց արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ որդեգրուած արհեստագիտական թեքնիքներն ու սարքերը` քուէարկութեան ընթացքին հեռակայ կարգով հետեւելու նպատակով: Ան շեշտեց, որ Լիբանան արհեստագիտական բարձր մակարդակով եւ թափանցիկութեամբ կը հետեւի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Իր կարգին, Պասիլ յայտնեց, որ արաբական երկիրներուն մէջ գտնուող լիբանանցիներուն քուէարկութեամբ ինք կը զգայ, թէ 14 միլիոն արտերկրի լիբանանցիներ Լիբանան կը վերադառնան, եւ կը համոզուին, որ իրենց երկիրն ու պետութիւնը կը գուրգուրայ իրենց եւ յանձնառու կը մնայ անոնց շնորհելու իրենց բոլոր իրաւունքները, յատկապէս` Լիբանանի ապագան ճշդելու իմաստով:

Պասիլ շեշտեց, որ արտաքին ու ներքին գործոց նախարարներուն միջեւ գործակցութեամբ կատարուած այս աշխատանքը դիւանագիտական ու արդիական գունաւորում կու տայ ընտրութիւններուն եւ կը ջրէ բոլոր այն տեսակէտները, թէ կարելի չէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու հոլովոյթը դիւրացնել:

Նշենք, որ նախագահ Աունի եւ Պասիլի հանդիպումին միացաւ նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք, որ հաստատեց, թէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բացառիկ աշխատանք իրականացուցած է արտերկրի լիբանանցիներուն թափանցիկ ընտրութիւններ ապահովելու իմաստով:

Մաշնուք աւելցուց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը ընտրութիւններուն վերաբերող լուրջ բողոքներ չէ ստացած:

ՀԱՐԿ է աւելցնել, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիմամբ բոլոր պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան ուրբաթ, 4 եւ երկուշաբթի, 7 մայիսին:

Նախորդը

«Բանակը Երկրին Քաղաքական Տարբեր Ուժերէն Եւ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Թեկնածուներէն Նոյն Հեռաւորութեան Վրայ Կը Գտնուի» Շեշտեց Բանակի Հրամանատարը

Յաջորդը

Լաւրով Եւ Մամետեարով Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Որոշ Երեւոյթները

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.