Լիբանանեան համալսարանին մէջ դասաւանդող դասախօսներու գործադիր համախմբումը երէկ` չորեքշաբթի, 25 ապրիլը հռչակեց «Լիբանանեան համալսարանի զօրակցութեան օր»:
Համախմբումը կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական ուժերուն, երեսփոխանական պլոքներուն եւ պատասխանատուներուն, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00 այցելելու Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներու համախմբումին կեդրոնը եւ զօրավիգ կանգնելու Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներու պահանջին:
Երեք շաբաթներէ ի վեր դասադուլի դիմած Լիբանանեան համալսարանի դասախօսները, որոնք կը պահանջեն, որ իրենց ալ աշխատավարձի երեք աստիճանի յաւելումներ տրուին` ինչպէս էր պարագան դատաւորներուն, որովհետեւ ընդունուած կարգը կ՛ենթադրէ, որ դատաւորներուն եւ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն աշխատավարձերը համազօր ըլլան:
Դասախօսներու համախմբումը դիմած էր նաեւ կրթութեան նախարարութեան, որ իր կարգին` կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին ներկայացուցած էր առաջարկ մը, որուն հիման վրայ պիտի մշակուէր օրինագիծ մը, որ պիտի կրէր տասը երեսփոխաններու ստորագրութիւնը: Այդ օրինագիծը պիտի ներկայացուի խորհրդարանի գումարելիք առաջին նիստին:
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէի նախաձեռնութեամբ մշակուած այս օրինագիծը ստորագրուած էր Ընկերվար յառաջդիմական երեք երեսփոխաններու կողմէ:
Այս նպատակով Լիբանանեան համալսարանին մէջ դասաւանդող դասախօսներու գործադիր համախմբումին կազմակերպած զօրակցութեան օրուան իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Ան այցելեց Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներու համախմբումին կեդրոնը եւ զօրակցութիւն յայտնեց դասախօսներու պահանջներուն:
Երեսփոխան Բագրատունի համալսարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ Լիբանանեան համալսարանի քաղաքական գիտութեանց Բ. բաժանմունքի նախկին եւ ներկայ տնօրէններու եւ տնօրէն խորհուրդին կողմէ, որոնց մաս կը կազմէր նաեւ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան:
Լիբանանեան համալսարանին մէջ դասաւանդող դասախօսներու գործադիր համախմբումի բոլոր անդամները Յ. Բագրատունին ընդունեցին մեծ խանդավառութեամբ:
Ան կարդաց խորհրդարանին ներկայացուելիք օրինագիծը եւ ստորագրեց զայն` բարձր գնահատելով համալսարանի դասախօսներուն ասպարէզը, յատկապէս շեշտելով Լիբանանեան համալսարանին ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը` Լիբանանի մակարդակին վրայ:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ բոլոր ասպարէզներուն եւ աշխատանքներուն հիմքը կը ներկայացնէ համալսարանի դասախօսը:
Հանդիպումի աւարտին Յ. Բագրատունի արձանագրեց նաեւ սրտի խօսք մը:
Դասախօսներու համախմբումը բարձր գնահատեց Յ. Բագրատունիի զօրակցութիւնն ու անոր արձանագրութիւնը, որ անմիջապէս լուսանկարուեցաւ եւ զետեղուեցաւ համալսարանի պաշտօնական կայքին վրայ:
Յ. Բագրատունիի այցելութիւնը մեծ տպաւորութիւն ձգեց համախմբումի անդամներուն վրայ, որոնք հաստատեցին, որ լիբանանահայութիւնը միշտ կը պաշտպանէ արդար դատերը:
Երեսփոխան Բագրատունիի այս քայլին նկատմամբ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին կեդրոնին մէջ գտնուող դասախօսներու համախմբումի բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ այլ դասախօսներ:
Յ. Բագրատունի եղաւ օրինագիծը ստորագրող 8-րդ երեսփոխանը:
Լիբանանեան համալսարանին մէջ դասաւանդող դասախօսներու գործադիր համախմբումին ոսկեայ տոմարին մէջ երեսփոխան Բագրատունի կատարեց հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Լիբանանեան համալսարանը ամբողջ Լիբանանին եւ բոլոր լիբանանցիներուն հպարտութիւնն է: Մենք կը զօրակցինք քաղաքացիներուն բացարձակ իրաւունքին, յատկապէս Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն իրաւունքներուն: Լիբանանեան համալսարանը մեր համալսարանն է, իսկ դասախօսները` իտէալներ»: