Լոնտոնեան Արսենալի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ սկսաւ իր փորձերուն, շատ հաւանաբար լաւապէս ապաքինելով իր մասնակցութիւնը բերէ Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք Եւրոպայի լիկայի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական ճակատումին, կը յայտնէ «Պի. Պի. Սի.»-ն:
Անոնց միջեւ երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 26 ապրիլին, Լոնտոնի մէջ, իսկ դարձի մրցումը` 3 մայիսին, Մատրիտի մէջ:
Վերոնշեալ մրցաշարքի աւարտական ճակատումը պիտի կատարուի 16 մայիսին, Լիոնի մէջ: