Ամերիկեան Նիւ Եորք Սիթիի գլխաւոր մարզիչ, Ֆրանսայի Փաթրիք Վիէյրա շատ հաւանաբար նշանակուի լոնտոնեան Արսենալի գլխաւոր մարզիչ: 41 տարեկան Վիէյրա անցեալին` 1996-էն 2005, իբրեւ ֆութպոլիստ ելոյթ ունեցած է Արսենալի հետ:
Ան 2013-էն 2015 Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչներու կազմին մէջ եղած է, իսկ 2016-էն ի վեր մարզիչի պաշտօն կը վարէ «Մէյճըր լիկ»-ի ախոյեանութեան մէջ:
68 տարեկան Արսենալի այժմու մարզիչը` Արսէն Վենկեր, որ 1996-էն ի վեր Արսենալի հետ է, անոր հետ տիրացած է 17 տարբեր տեսակի տիտղոսներու:



