ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Հայոց պատմութեան մէջ անկասկած իրենց ուրոյն տեղը ունին հերոսական արեամբ նուաճուած 25-28 մայիս 1918 թուականի մայիսեան յաղթանակները, այլ խօսքով` 1918 թուականի մայիս 28-ին հայ ժողովուրդի իրողապէս տիրացած Հայաստանի անկախութիւնը:
Հայաստանի հիմնադրութեան ժամանակաշրջանին, ճակատամարտերու ընթացքին, մարտերու դաշտին վրայ, քաղաքական, ռազմական եւ դիւանագիտական գործունէութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ պոլշեւիկեան Հայաստանի ժամանակահատուածին ու անկէ ետք Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներ, պետական դէմքեր, զինուորականներ եւ անոնց յաջորդները Հայաստանի անկախացման առնչութեամբ կրցած են ժողովուրդին հասցնել իրենց միտքերը, գաղափարները, զգացումներն ու օրուան խորհուրդը իրենց յուշ-պատգամներով` զանոնք համակելով ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵԱՄԲ: Այս բոլորը անկասկած ժամանակի ընթացքին գրի առնուած են եւ տարբեր առիթներով ներկայացուած են գրական-գեղարուեստական ու այլ միջոցներով:
Ամէն ինչէ առաջ եւ վեր, նախ պէտք է ըսել, որ «Առանց զէնքի չկայ հայոց փրկութիւն» կարգախօսը ամբողջովին հաստատուեցաւ Սարդարապատի վճռորոշ ճակատամարտին:
Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան պետականակերտ սերունդէն սկսեալ մինչեւ ամէնէն պարզ գործիչը իր ներդրումը ունեցած է ազգային գրականութեան ստեղծման աշխատանքին մէջ: Այսօր գործածուող շատ մը կարգախօսներ եւ պատգամներ, որոնք խոր ազդեցութիւն ձգած են ազգային մտածողութեան վրայ, կու գան այդ գրականութենէն, ինչպէս` 1918 թուականի մայիսին, երբ թրքական յառաջխաղացքին դիմաց հայկական զօրքերը պահ մը կը նահանջեն, առաջարկներ կ՛ըլլան Երեւանը պարպելու: Արամի վճռական կեցուածքն է, որ կը փրկէ Հայաստանն ու հայութիւնը: Արամի հրահանգը կտրուկ էր. «ԵՐԵՒԱՆԸ ՉԵՆՔ ԴԱՏԱՐԿԻ»: Եւ 1960-ականներու այդ օրերուն, նոր ժամանակներու հայոց մեծագոյն բանաստեղծներէն Պարոյր Սեւակ փաստօրէն կը պոռթկար այդ օրերու անարդար սահմանափակումին դէմ ու կ՛արտայայտէր Մայիս 28-ի ուրացման դառն էջը ամբողջապէս փակելու մեր ժողովուրդին ազգային հաստատակամութիւնը, երբ Հայաստանի անկախութեան նուաճումը արժեւորելով, կը պատգամէր` «Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից»:
Այս պատգամները միշտ խթան կը հանդիսանան ազգային գործունէութիւնը ուղղելու դէպի հայաստանակեդրոն աշխատանք:
Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներու, պետական դէմքերու եւ անոնց յաջորդներու կարգ մը պատգամներն ու խորհուրդները հետագային կարգախօսներու վերածուած են. բացի անոնցմէ` առաջ եկած են այլ կարգախօսներ եւս, որոնք ծնունդ առած են զանազան կուսակցութիւններու ընդհանուր ժողովներէ, ինչպէս` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, ազգային-յեղափոխական երգերէ, գիրքերու խորագիրներէ եւ այլն, օրինակ` «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան», «Ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութիւն» եւ այլն:
Անկախ պետականութեան երազանքը դարեր շարունակ բորբոքած է հայութեան բազմաթիւ սերունդներու միտքն ու երեւակայութիւնը, ջերմացուցած` հոգին: Աշխարհասփիւռ հայութեան զաւակներու շուրթերուն «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան» բառակապակցութիւնը հնչած է որպէս կախարդական խօսք, սրբազան երդում, աստուածաշնչեան պատգամ: Հայութեան բազմաթիւ սերունդներ օտարութեան մէջ ապրած, դիմացած, պայքարած են այդ նուիրական երազանքով:
Վերոնշեալ կարգախօսները ոչ միայն ի զօրու են մինչեւ այսօր, այլ նաեւ` իբրեւ սրբազան պատգամ, վերածուած են ազգային թելադրականութեան եւ նոյնիսկ մաս կը կազմեն մեր մշակոյթին:
Միւս կողմէ` հոն կը շեշտադրուի, որ յատկապէս ազգային եւ հայրենասէր գործիչին եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը եւ տեսութիւնը հաստատուն էր, քանի որ այդ գործիչներուն եւ ՀՅ Դաշնակցութեան ամբողջական գործունէութիւնը, ինքնութիւնը եւ, ի հարկէ, գաղափարախօսութիւնը պայմանաւորուած են ազգի գոյութեամբ, հայրենիքի կերտմամբ եւ լիիրաւ անկախութեամբ, քանի որ հայրենիքի ամբողջացումով կը պայմանաւորուի ճշմարիտ անկախութիւնը: Իսկ պոլշեւիկեան եւ անոնց հետեւորդներուն թմբուկը զարնողներուն գաղափարախօսութիւնը ի յայտ եկաւ, որ խաբուսիկ, անհիմն ու գնայուն է:
Տեղին է նշել, որ այս յուշ-պատգամներուն հեղինակները հայ ժողովուրդի զանազան խաւերու, գաղափարի եւ բնագաւառի անձեր են, որոնց յուշ-պատգամները կարգախօսի վերածուած` 100 տարիներ թրծեցին սերունդներ` պատերազմի դաշտերուն, հանդիսութիւններուն, ձեռնարկներուն: Ներկայացուած փունջ մը յուշ-պատգամներուն մէջէն շատ քիչին ծանօթ ենք միայն, սակայն անոնք ամբողջովին կու գան համալրելու եւ մեր թուլցած հոգիները ամրացնելու, տկարացած սիրտերը զօրացնելու, պղտորած միտքերը բիւրեղացնելու, տգիտացած ուղեղները զարգացնելու: Միւս կողմէ, սակայն, փոքր համայնապատկերով մը մեզի կը ներկայացնեն հայութեան յարութիւնը, անոր հերոսապատումը, ազգային գիտակցութիւնն ու ոգին եւ, վերջապէս, հայոց պատմութեան մէջ մեծ տեղ գրաւող 1918 թուականով հիմը դրուած ազգային պետականութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներու, պետական դէմքերու եւ անոնց օղակուած յաջորդ սերունդներու յուշ-պատգամները կը յատկանշուին ոճով մը, երբեմն յուզարտայայտչական-գնահատող, երբեմն` զուրկ յուզականութենէ եւ պատկերաւորութենէ, բառեր կը գործածուին ուղղակի իմաստով. խօսքը ներկայացուած` հակիրճ ձեւով:
Ուստի, ոճը բնորոշ է` ռազմաքաղաքական, գիտական գրականութեան, դասախօսութիւններուն, գիտական զեկուցումներուն ու բանավէճերուն, քննադատական գրականութեան եւ այլն: Հարուստ է գիտաճարտարագիտական, մասնագիտական ոճաբանութեամբ, դատողամտածողական բնոյթի բառակապակցութիւններով, կաղապարումներով, շաղկապներով: Սակաւ են յուզարտայայտչական տարրերն ու միջոցները: Կը համատեղէ գիտական ու գեղարուեստական խօսքի (ոճի) առանձնայատկութիւնները. նպատակն է ներգործել, ազդել ընթերցողի, ունկնդիրի ոչ միայն միտքի դատողութեան վրայ, այլ կամքի, զգացմունքներու, երեւակայութեան վրայ` մղելու զայն ցանկացած գործողութեան: Այս բոլորին կ’ընկերանայ նոյնպէս գեղարուեստական ոճը, որ յատուկ է իր պատկերաւորութեամբ ու յուզարտայայտչականութեամբ, ասոր մասնաւոր դրսեւորողներէն է բանաստեղծական ոճը:
Այս յուշ-պատգամներուն մէջ իւրայատուկ են իրադրական ու յորդորական ոճերը, որոնք պայմանաւորուած են խօսքային իրադրութեամբ, հաղորդակցուողներու վիճակով, փոխյարաբերութեամբ, որոնք կը ներկայանան հանդիսաւոր, յորդորական, մտերմական-փաղաքշական, հասարակաբանական, պաշտօնական-իրադրական եւ այլն միջոցներով: Հոն կը հանդիպինք խօսողին կամ գրողին ընդգծած առարկայի, երեւոյթի, իրադարձութեան վեհութեան, կարեւորութեան, մեծարման անհրաժեշտութեան: Յատուկ է հանդիսաւոր հաւաքոյթներու (զեկուցումներու, ճառերու, յոբելենական մեծարումներու) խօսքին, տարելիցներուն նուիրուած ելոյթներուն, յօդուածներուն: Իսկ յորդորական ոճով խօսողը կամ գրողը կը յորդորէ, կը խրատէ մէկը, կը մղէ բանի մը:
Այս յուշ-պատգամները մեզի խորհուրդներ ու ցուցմունքներ կու տան, մեր հորիզոնները կ’ընդարձակեն, փորձառութիւն կը ներկայացնեն:
Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներու, պետական դէմքերու եւ անոնց յաջորդներուն խորհուրդները եւ պատգամները լուսարձակի տակ առնելով եթէ վերլուծելու ըլլանք, կը տեսնենք, որ տարիներու թաւալումով հոն սկզբունքային ոչ մէկ փոփոխութիւն արձանագրուած է: Այլ խօսքով, ձեւով մը հաստատած կ’ըլլանք ազգային մտքին ու կամքին անփոփոխութիւնը: Իսկ տարբեր դիտանկիւնէ նայելով` կը հիմնաւորենք, որ սոյն խորհուրդները կը փարատեն նեղմիտ ու սահմանափակ, հոս ու հոն հրապարակ իջած այն մտայնութիւնները, որոնք խաչմերուկի ճամբուն կանգնեցուցած են «պոլշեւիկեան Հայաստանի» ու «Անկախ Հայաստանի» բառեզրերը` բախելու համար զանոնք իրարու:
Վերոյիշեալ իրողութիւնը լրջօրէն վերացած պէտք է նկատել, քանի որ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներու, պետական դէմքերու եւ անոնց յաջորդներուն, յատկապէս դաշնակցականներու հաստատումները, իրենց ազդեցութեան ոլորտին ներքեւ, ցարդ լիարժէքօրէն կը պահեն իրենց իմաստն ու թելադրականութիւնը: Որովհետեւ անոնք էապէս կ’արժեւորեն անցեալն ու կը բացայայտեն յաջորդող տարիներու գործունէութեան խորապատկերը: Աւելի՛ն. իբրեւ բանաձեւուած միտք եւ հաւաքական մտածողութիւն` լաւագոյնս կ’ապացուցեն ազգային հեռահար տենչերու իրականացման ուղին, եւ առաւելաբար կը բնութագրեն Հայ դատի աշխատանքի եւ աշխարհահայեացքի ամբողջական պարունակը:
Ներկայացուած 100 դէմքերու յուշ-պատգամները. Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան կամ, այլ խօսքով, մայիս 28-ի խորհուրդը լաւագոյնս կը խտացնեն եւ մեզի կը ներկայանան` իբրեւ յաջորդաբար փորձառութիւն ձեռք ձգած գաղափարներ: Այդտեղ կան կեանքի դրուագներ` որպէս արտայայտիչ, օրինակ` ականջալուր` ժողովուրդի ցաւերուն, ազգային մարտահրաւէրներուն հանդէպ վճռական եւ յատկապէս` դաշնակցական լաւագոյն աւանդներուն: Ան հարազատ արտայայտութիւնն է տարիներու ժամանակահատուածին սերունդի ազգային շառաւիղի ոգիին:
Մեր աշխատութեան մէջ դուք պիտի հանդիպիք տարբեր խաւերու ներկայացուցիչներու միտքերուն, իսկ յուշ-պատգամներու, խօսք եւ խորհուրդներու 100 հեղինակներու անուանացանկը մատուցուած է անոնց մահուան յաջորդականութեամբ:
Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով մենք խիստ կարիքը կը զգանք Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներու, պետական դէմքերու եւ անոնց յաջորդներու խորհուրդներուն եւ պատգամներուն` իբրեւ կրանիթեայ ուսումնական ամպիոն, զգաստանալու, զգօն ըլլալու ու մանաւանդ ազգային գաղափարախօսութեամբ իրագործելու մեր վեհ նպատակը` ԱՆԿԱԽ, ԱԶԱՏ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ:
ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
(Սարգիս, Սէրգէյ Յովհաննիսեան, 1879-1919)
* Ամէն ոք իր մասին է մտածում: Իր երկրի սահմաններից այն կողմ եթէ նայող կայ, նայում է միայն յանուն իր շահերի: Եթէ ընդհանուր ուժերով ճակատ պահելու խօսք է լինում, դա խօսք է, զուրկ` իրական հիմքից ու անկեղծութիւնից: Հայերով ո՛չ ոք չի հետաքրքրւում` շօշափելի օգնութիւն հասցնելու մտքով: Դրա հակառակը` կայ դաւադրական վերաբերմունք: Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միա՛յն մեր ուժերին` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ՛ երկրի ներսը կարգ հաստատելու:
* Կան դէպքեր, երբ օրէնքն ու իրաւունքը գործադրելով` մենք յանցաւորներ ու չարագործներ կը դառնանք, մանաւանդ` այնպիսի բացառիկ ծանր ու անբնական ժամանակներում, երբ դէպքերը տեղի են ունենում գահավէժ արագութեամբ եւ ստեղծում դրութիւններ, որոնք օրէնքը չէր կարող նախատեսել:
* Ա՜խ, երանի այն օրին, երբ որբանոցները եւ նման պուրժուական հիմնարկութիւնները կը դադարին ովասիս լինելուց, եւ այս դժբախտ երկրի ժողովուրդները կը կարողանան իրենց մշակութային հանճարով եւ տնտեսական արդար վաստակով ստեղծել ամբողջ երկրի համար, բոլոր հասարակութիւնների եւ ժողովուրդների համար մի աւելի այլասէր եւ հիմնական ձգտումներով ովասիս…
* Ես չէի կարողանում հասկնալ այն մեծ գաղտնիքը, այն մեծ ուժը, որ սովորական մարդկանց, շատ անգամ կրթութիւն չունեցողներին, գիւղացիներին ստիպում էր տարիներ շարունակ անտրտունջ հանդուրժել այս տառապանքներին: Մտաւորականների համար ասում էին իտէալն ու գաղափարականութիւնն է, իսկ միւսներին մնում էր ընդունել հայրենասիրութիւնը, որն ունի եւ գաղտնի, անըմբռնելի ուժ` այդքան զոհաբերութիւններ վերցնող: Պատմում էին փորձուած ընկերները, որ մտաւորականների, մանաւանդ դրսեց եկած ընկերների օրինակը շատ էր ազդում զինուորների հոգեբանութեան վրայ:
********************************************************************************
* Այս ո՞ր տեղէն սկսանք, ո՞ւր հասանք: Ուրեմն Հայաստանի ազատութիւնը իրականութի՞ւն է:
Ա՜յ լուսահոգի Գէո՛րգ, Քեռի Մակար, Կորիւն… Գլուխնիդ վերցուցէք ու այս դրօշակին նայեցէք… Ափսո՜ս, հազա՛ր ափսոս, մուրազին չհասած` մեռան…
********************************************************************************
ՄԿՐՏԻՉ ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԵԱՆ
(1848-1921)
* 1918 մայիս 28-ը յաւերժական յիշատակի արժանի օր մ՛է Հայաստանի պատմութեան մէջ: Այդ ամիսը կովկասեան նորածին 3 հանրապետութիւնների անկախաբար գոյութիւնը հռչակող թուական մը դարձաւ: 1918 մայիս 26-ին Վրաստան ինքզինք անկախ տէրութիւն մը յայտարարեց եւ Գերմանիայէն պաշտպանութիւն խնդրեց: Հետեւեալ օր Ազրպէյճան նոյնը ըրաւ եւ դիմեց Թուրքիայի աջակցութեան: 28-ին Հայաստանի Հանրապետական վարչութիւնը ելաւ, բոլորովին անկախ հռչակեց ինքզինքը եւ չնայելով իր անօգնական, անօթի եւ թշնամիներէ շրջապատուելով մէն մենակ վիճակին, իր յոյսը իրեն վրայ դրած, ոգի ի բռին մաքառեցաւ ամէն դժուարութիւնների դէմ, անվհատ կռուեցաւ դիւցազնօրէն եւ վերջապէս իր ուժով ու խելքով յաջողեցաւ կանգնել Հայաստանի անկախ պետութիւն մը, որ աներեւակայելի դժուարութիւնների ու թշուառութիւնների մէջ կարողացած է զարգանալ հետզհետէ. այնպէս որ, Եւրոպայի դաշնակից պետութիւնները տեսնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապրելու կարող, կենսունակ մարմին մ՛է, այս տարի յունուար 20-ին պաշտօնապէս ճանչցուած հռչակեցին անոր կառավարութիւնը եւ ընդունեցին Հայաստանի պետութիւնն ալ կանոնաւոր պետութիւնների շարքին մէջ:
* Ամբողջ սրտով գուրգուրանք ուրեմն, հայե՛ր, Հայաստանի մեր նորածին Հանրապետութեան վրայ, առատօրէն նուիրենք անոր մեր ուժերը եւ փաստօրէն ցոյց տանք աշխարհին, թէ հայը արդարեւ կարող է եւ արժանի ազգ մ՛է եղեր իր սեփական տէրութիւնն եւ անկախութիւն ունենալու:
********************************************************************************
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
(1869-1923)
* Մեր սերունդը էն սերունդն է, որ դեռ երէկ ազատ Հայաստան էր երազում:
Ազատ Հայաստան էին երազում ռուսահայը, տաճկահայը, պարսկահայը եւ բոլոր հեռաւոր գաղութները:
Ազատ Հայաստան էին երազում հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերը` առանց սեռի ու հասակի խտրութեան:
Ի՞նչ ասես, որ չէր տայ գրեթէ ամէն մի հայ, միայն թէ աչքով տեսնէր ազատ Հայաստանը:
Ու, յանկարծ…
Արդէն իրականութիւն է երէկուայ մեր երազը, ազատ է Հայաստանը, ամբողջ աշխարհքի կողմէ ճանչցուած ինքնուրոյն հանրագիտութիւն է նաեւ, իր եռագոյն դրօշակով կանգնած է միւս պետութիւնների շարքում:
(Շար. 1)