Կազմակերպութեամբ «Էքսթերիըն Սըրքըլ» ակումբին, Պէյթ Մերիի շրջանին մէջ տեղի ունեցան 14 տարեկանէն վար ձիավարութեան մրցումները` մասնակցութեամբ 36 երկսեռ պատանիներու:
Այս մրցումները տեղի ունեցան հովանաւորութեամբ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ձիավարութեան ֆետերասիոնին, մինչ անոր մասնակցեցան Լիբանանի ֆետերասիոնին անդամ եղող շարք մը ակումբներ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ձեռամբ ֆետերասիոնին անդամներուն եւ կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներուն: