Հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ կը պատրաստուի 28 ապրիլին դանիացի Փաթրիք Ռէյնհարտ Նիլսընի դէմ իր կատարելիք մենամարտին:
Այս ճակատումը տեղի պիտի ունենայ Գերմանիոյ Էֆենպուրկ քաղաքի «Պատեն» մարզահամալիրին մէջ:
Նշուեցաւ, որ այս մենամարտին յաղթականը պիտի դառնայ վարկանշային դասաւորման յառաջատար եւ անոր յառաջիկայ մենամարտը պիտի ըլլայ գերմիջին քաշային կարգի աշխարհի ախոյեանի կոչման համար:
Այժմ Աբրահամ շատ լրջօրէն կը պատրաստուի այս մենամարտին եւ կը կարծուի, որ ան իր ամէն կարելին պիտի ընէ յաղթելու իր մրցակիցին, կը յայտնէ Աբրահամի մամլոյ պատասխանատու Սիրան Գրիգորեան: