Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) սկիզբ առաւ ընկերութիւններու եւ դրամատուներու «Քոլիկ»-ի պասքեթպոլի մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 16 խումբերու:
Այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ եօթներորդ անգամն ըլլալով:
Այդ 16 խումբերը բաժնուած են չորս խմբակի, իւրաքանչիւրը` չորս խումբ:
Կազմակերպիչ ընկերութիւնը յայտնեց, որ Ա. հանգրուանի մրցումները կատարուեցան բաւական տպաւորիչ եւ հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ: