Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ հայրենի մարզիկները տիրացան 4 մետալի, Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած լողարշաւի բաժակի մրցաշարքին:
Քիեւի մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին, Վլատիմիր Յարութիւնեան տիրացաւ արծաթ մետալի, Վարդան Բայանդուրեան` պրոնզ մետալի, իսկ Լեւ Սարգսեան – Վլատիմիր Յարութիւնեան զոյգը` պրոնզ մետալի:
Նշենք, որ հաւաքականին մարզիչն էր Հրաչեայ Չանդիրեան: