«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած փլէյ-օֆի մրցումներուն, Նիւ Օրլինզ 111-102 արդիւնքով յաղթելէ ետք Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին, ունեցաւ 2-0 արդիւնքով գերակայութիւն մը անոր վրայ:

Թորոնթօ Ռեփթըրզ իր դաշտին վրայ երկրորդ անգամն ըլլալով յաղթեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին (130-119), մինչ երէկուան երրորդ մրցումին, Պոսթըն Սելթիքս 120-106 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Միլուոքի Պաքսը:
Իր կարգին, Սելթիքս 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Պաքսը:
Ուիզըրտծի դէմ արձանագրուած յաղթանակին Տեմար Տերոզան նշանակեց 37 կէտ: