Անգլիական մամուլը կը հաղորդէ, որ ի վերջոյ «Փրեմիեր լիկ»-ը եւս պիտի ունենայ իր ձմեռնային արձակուրդը` 2019-2020 տարեշրջանէն սկսեալ: Անիկա նախատեսուած պիտի ըլլայ յունուարի վերջէն մինչեւ փետրուարի սկիզբը:
Այդ ուղղութեամբ իրարու հետ համաձայնութեան եկան Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը, «Փրեմիեր-լիկ»-ը եւ ֆութպոլի լիկան:
«Տը Թելեկրաֆ» կը տեղեկացնէ, որ բոլոր ակումբները միաժամանակ պիտի չհանգստանան: Կը նախատեսուի, որ իւրաքանչիւր ակումբ 13 օր արձակուրդ ստանայ, բայց այդ ժամկէտները կրնան փոխուիլ:
Ձմեռնային այս արձակուրդին գծով մօտիկ ապագային յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին: