Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Միրոսլաւ Քլոզը նշանակուեցաւ Պայէրն Միւնիխի երիտասարդական կազմի մարզիչ: Ան իր նոր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 2018-2019 տարեշրջանին:
Ան ստիպուած պիտի ըլլայ լքելու Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզական խմբակին մէջ իր ստանձնած պաշտօնը, որպէսզի կեդրոնանայ իր ակումբին վրայ: