Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունենալիք Սաժես – ՀՄԸՄ երկրորդ մրցումը յառաջաձգուեցաւ երկուշաբթի, 23 ապրիլին:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ղազիրի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:40-ին:
Նախապէս հրապարակուած յայտագիրին մէջ, մրցումին թուական ճշդուած էր երեքշաբթի, 24 ապրիլի երեկոյեան ժամը 17:20-ը: