Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ նախագահ Ժան Համմամի, այցելեց Երեւան` ընդառաջելով Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի հրաւէրին: Ժան Համմամի կ՛ընկերակցէին կոմիտէի անդամներ Վաչէ Ծատուրեան եւ Սելիմ Հաժ Նիքոլա:
Զուարթնոց օդակայանին պատուոյ սրահին մէջ լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորեց Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ, Հայաստանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Գագիկ Փուլիշեան:
Կարճ դադարէ մը ետք, լիբանանեան պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի կեդրոնատեղին, ուր դիմաւորուեցաւ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար եւ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեանի եւ այլ անձերու կողմէ:
Այնուհետեւ անոնք միասնաբար այցելեցին ողիմպիական կոմիտէի կեդրոնատեղիին բոլոր բաժանմունքները:
Երկու կողմերը իրարու հետ կնքեցին համաձայնագիր, ըստ որուն Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ յառաջիկային տեղի պիտի ունենան մնայուն այցելութիւններ, երկու կողմերուն մարզիկները պիտի մարզուին եւ պիտի կատարեն յատուկ բանակումներ:
Այցելութիւն տրուեցաւ նաեւ Երեւանի մէջ գտնուող տարբեր դաշտերը, ինչպէս նաեւ յատուկ վայրեր, որոնք կը բնութագրեն Հայաստանի անցեալի մշակոյթը:
Յատուկ յուշանուէրներու փոխանակումներէն ետք, Համմամ հայկական կողմը հրաւիրեց այցելելու Լիբանան եւ ծանօթանալու լիբանանեան մարզաշխարհին: