Լիբանանի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր իրարու դէմ կը ճակատին Պէյրութ եւ Ռիատի:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին:
Յաղթական խումբը աւարտականին պիտի ճակատի ՀՄԸՄ-ի դէմ: