Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կազմակերպած ֆութսալի մարզիչի Ա. կարգի քննութիւնները հասան իրենց աւարտին եւ 18 նորեկ մարզիչներ յաջողութիւն ձեռք ձգելով ֆետերասիոնէն ստացան ֆութսալի Ա. կարգի մարզիչի իրենց վկայագիրները:
Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ Հիւսէյն Տիպ, որ անոնց տուաւ այդ վկայագիրները, յայտնեց, որ անոնց 70 տոկոսը Պէյրութէն դուրս է, ինչ որ կը նշանակէ, որ Լիբանանի տարբեր շրջանները եւս պիտի օգտուին անոնց ձեռք ձգած այս յաջողութենէն:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Շըհաֆ, որ ներկայ էր այս վկայագիրներու բաշխումին, ֆութսալի նոր մարզիչներուն մաղթեց յաջողութիւն` իրենց արհեստավարժ նոր ասպարէզին մէջ: