Ֆապիանօ Քարուանայի յաղթանակը` աշխարհի ախոյեանի յաւակնորդներու մրցաշարքին, տպաւորիչ էր եւ անոր կարգավիճակը հաստատեց նաեւ այն յաղթանակը, որ ան արձանագրեց «Կրենք»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին իր տիրացած տիտղոսով. յայտնեց աշխարհի ճատրակի 13-րդ ախոյեան Կերի Գասպարով` մեկնաբանելով ամերիկացի կրանտմասթըրին վերջին յաջողութիւնները եւ նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի հետ յառաջիկային ախոյեանութեան տիտղոսին համար տեղի ունենալիք մրցախաղը:
«Կը կարծեմ, որ Քարլսըն ախոյեանութեան այս մրցախաղին պիտի ըլլայ տիտղոսին թեկնածուն, բայց պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ Քարուանա սքանչելի առիթ մը ունի իր կարգին դառնալու տիտղոսակիր», կ՛ըսէ Գասպարով:
Անոնց միջեւ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ նոյեմբերին, Լոնտոնի մէջ: