Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ «Ա. լիկա»-ի աւարտականի երկրորդ մրցումը, որ երեքշաբթի, 17 ապրիլին իրարու դէմ պիտի հանէր Արցախը եւ Արթիկը, յետաձգուեցաւ:
Ֆետերասիոնը նման որոշում տուաւ անվտանգութեան պատճառով:
Մրցումին կայացման նոր թուականը ցարդ յստակ չէ:
Առաջին մրցումին Արցախ արձանագրեց 100-74 արդիւնքով յաղթանակ մը: