Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐՏԱՔԻՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԹՈՒՐՔ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԵՐԺՈՒՄ. ՌԱՊԱԹԻ ԺՈՂՈՎԸ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻՆ ԴԷՏԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼՈՒ ԵՌՕՐԵԱՅ ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄ ԿՈՒ ՏԱՅ

November 17, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Մարոքի մայրաքաղաք Ռապաթի մէջ տեղի ունեցաւ թուրք-արաբական համախմբումի ժողովը, որուն մասնակցեցան Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու:

Սուրիա ժողովը պոյքոթի ենթարկեց: Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը երեքշաբթի ուշ գիշերին վկայակոչելով պատասխանատու աղբիւր մը հաղորդեց, որ Սուրիա, ընդառաջելով կարգ մը արաբական երկիրներու փափաքին, որոշած էր մասնակցիլ Ռապաթի ժողովին, սակայն մարոքցի կարգ մը պաշտօնատարներու կատարած յայտարարութիւններէն տեղեակ պահուելէ ետք որոշած է չմասնակցիլ»: Աղբիւրը այդ յայտարարութեան բնոյթը չէր նշած:

Թուրք-արաբական համախմբումը իր ժողովին աւարտին կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ քաղաքայինները պաշտպանելու անմիջական միջոցառումներ որդեգրելու եւ Սուրիոյ տագնապը «առանց որեւէ արտաքին միջամտութեան» լուծելու:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ «սուրիական ղեկավարութիւնը բռնարարքները չդադրեցնելուն համար սուղ գին պիտի վճարէ»:

Տաւութօղլու ըսած է, որ «սուրիական ղեկավարութիւնը չյարգեց ցուցարարներուն եւ կառավարութեան հակառակորդներուն դէմ բռնարարքներուն վերջ տալու իր յանձնառութիւնը»: Ան ակնարկելով «Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն վերջ տալու Արաբական լիկայի ծրագիրին» յայտնած է, որ «սուրիական վարչակարգը չյարգեց 2 հոկտեմբերի որոշումէն ետք իր խոստացած յանձնառութիւնները»:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի «բոլորին» կոչ ուղղեց` Սուրիոյ իրադարձութեանց հարցով իրենց պատասխանատուութեանց տէր կանգնելու:

Ան ըսաւ, որ «քանի մը օր առաջ Արաբական լիկայի նախարարաց խորհուրդը սուրիացի քաղաքացիներուն պաշտպանութիւնը ապահովելու կարեւոր որոշում մը որդեգրեց, որովհետեւ բոլորը պէտք է ամենայն յստակութեամբ ութ ամիսներէ ի վեր եղբայրական Սուրիոյ մէջ շարունակուող արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար անհրաժեշտ քայլերը որդեգրեն»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ յայտարարեց, որ Փարիզ իր դեսպանը Դամասկոսէն տուն կը կանչէ, սակայն աւելցուց, որ Ֆրանսա աւելի քան երբեք վճռակամ է Սուրիոյ մէջ քաղաքայիններու դէմ յարձակումներուն անմիջապէս վերջ տալու իր ջանքերը շարունակելու` նշելով, որ «համապարփակ միաձայնութիւն գոյութիւն ունի, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է հեռանայ իշխանութենէն»:

Աղբիւրներ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Դամասկոսի մէջ Մարոքի, Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեան դեսպանատուները երէկ յարձակումի ենթարկուած են:

Թուրք-արաբական համախմբումի ժողովէն ետք, Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Սուրիոյ շուրջ ժողով մը գումարեցին:

Արաբական լիկան Դամասկոսին եռօրեայ պայմանաժամ տուաւ` ստորագրելու արաբ դէտեր Սուրիա ուղարկելու արձանագրութիւնը:

Ժողովէն ետք Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ Սուրիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ պիտի հաստատուին, եթէ սպանութիւնները անմիջապէս չդադրին: Ան ընդգծեց, որ «Սուրիոյ հարցով արաբական դիւանագիտութեան ճամբուն աւարտին հասանք»:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի իր կարգին յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցով Արաբական լիկայի արտակարգ նիստ ներկայիս գումարն յարմար չէ:

Միւս կողմէ, Ուաշինկթըն յայտարարեց, որ սուրիական ընդդիմութեան բիրտ գործողութիւնները ի նպաստ իշխանութեան են:

 

Նախորդը

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ՄՈՍԱՏԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ԿԱՊԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԼԻՊԸՐՄԱՆ ԻՐ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՀՐԱՄԱՅԷ ՄՈՍԱՏԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐԸ ԽԶԵԼ

Յաջորդը

«ԹՈՒՐՔԻԱ ՄՏԱԴԻՐ ՉԷ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ԳՈՐԾԱԿՑԵԼՈՒ» Կ՛ԸՍԷ ԵԸԼՏԸԶ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.