Շաբաթ, 14 ապրիլին Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) գործադիր մարմինի եւ խորհուրդի արտակարգ նիստը:
Գործադիր մարմինը, կուսակցութեան նախագահի առաջին տեղակալ Կարէն Կարապետեանի առաջարկով, որոշած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին ՀՀԿ խորհուրդին ներկայացնել ՀՀԿ նախագահ Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը: Խորհուրդի նիստին գործադիր մարմինի որոշումը ներկայացուցած է ՀՀԿ նախագահի առաջին տեղակալ Կարէն Կարապետեան: Խորհուրդը քննարկած է հարցը եւ միաձայնութեամբ կողմ արտայայտուած թեկնածութեան:
16 ապրիլին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութիւնը պաշտօնապէս պիտի առաջադրէ Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը:



