Շաբաթ, 14 ապրիլին Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան, կազմակերպած էր հանրահաւաք մը, որ կը կրէր «Ընդդէմ Սերժ Սարգսեանի վարչապետացման» խորագիրը:
Նոյն օրը երթի մասնակիցները մտան Հանրային ձայնասփիւռի կայան, ուր կուսակցութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը հանդէս եկաւ ուղերձով:
Ուրբաթ, 13 ապրիլին հանրահաւաքը կազմակերպուած էր Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ, իսկ հանրահաւաքէն ետք փակելով Ֆրանսայի հրապարակին կից փողոցները, Նիկոլ Փաշինեանն ու իր կողմնակիցները գիշերած էին այնտեղ:



