Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարը Կարեւոր Նկատեց Խիտ Շարքերով Ընտրութեան Մասնակցիլը` Ի Խնդիր Աւելի Լաւ Ապագայի

Ապրիլ 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 13 ապրիլ 2018-ին «Պէյրութ եւ Պաապտա» ընտրաշրջաններու ընտրական-քարոզչական հաւաքի մը ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ նշեց, թէ հաւաքի հիմնական նպատակը Հըզպալլայի եւ անոր համակիրներուն քաղաքական ու ժողովրդային զօրակցութիւնը յայտնելն է` Պէյրութ 2-րդ ընտրաշրջանի «Պէյրութի միասնակամութիւնը» ցանկին, որ կազմուած է Ազգային ազատ հոսանքի, Հըզպալլայի, Ամալի, «Իսլամական բարեսիրական միութեան» եւ Պէյրութի քաղաքական անձնաւորութիւններէ:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, թէ կազմուած ցանկի թեկնածուներուն նպատակը  ժողովուրդի բոլոր շերտերուն ճիշդ ներկայացուցչութիւնը ապահովելն է, որուն համար անոնք ընտրապայքար չեն մղեր Պէյրութի կամքը գրաւելու համար (ինչպէս որ կ՛ամբաստանէ Մուսթաքպալ հոսանքը)` դիտել տալով, որ «Պէյրութի միասնակամութիւնը» ցանկին կամ այլ ցանկերու քուէարկողները պէյրութցիները պիտի ըլլան` շեշտելով, որ, Լիբանանի այլ ընտրաշրջաններու հետ բաղդատելով, Պէյրութը իր իւրայատկութիւնը ունի` երկրին մայրաքաղաքը ըլլալու բերումով: Ան ընդգծեց, որ Պէյրութ կ՛ընդգրկէ երկրին բոլոր համայնքներէն քաղաքացիներ եւ անիկա պէտք է ըլլայ Լիբանանի միասնակամութիւնն ու իւրայատկութիւնը արտայայտող, այդ պատկերը ներկայացնող քաղաք: Շարունակելով իր խօսքը` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, թէ Պէյրութի դիմագիծին շուրջ կռիւ կը մղուի, կարգ մը կողմեր, անցնելով քաղաքին իրենց տուած ներդրումային եւ ծառայութիւններու սահմանը, պայքարը փոխադրած են «Պէյրութի արաբական դիմագիծը» պահպանելու` ընդդէմ «պարսկական ծրագիրին»:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը շեշտեց, որ Պէյրութը միշտ եղած է արաբական դատի պաշտպան քաղաքը, առանց զլանալու որեւէ զոհողութիւն` շեշտելով, որ «պէտք է պահպանել մայրաքաղաք Պէյրութի այլազանութիւնը, որ հարստութիւն է եւ պէտք չէ ոեւէ մէկը համայնքային լարուածութիւններ սերմանէ: Ընտրապայքարը պէտք է ըլլայ քաղաքին եւ անոր բնակիչներու ծառայութիւններ մատուցելու մակարդակին վրայ միայն», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Անդրադառնալով Պաապտայի ընտրաշրջանին` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, թէ ընտրացանկին անունը «Ազգային համերաշխութիւն» է, որուն իմաստի գործնականացման կարիքը ունի Լիբանանը:

Վերյիշելով 2006-ին զօր. Միշել Աունի օրին գլխաւորած Ազգային ազատ հոսանքին հետ համաձայնագիրի ստորագրութիւնը, որ կատարուեցաւ Մար Մըխայէլ եկեղեցւոյ մէջ, սէյիտ Նասրալա ըսաւ, թէ այդ համաձայնագիրը իր դրական անդրադարձը ունեցաւ ժողովուրդին վրայ, մանաւանդ յուլիս 2006-ի իսրայէլեան պատերազմին եւ յետպատերազմեան շրջաններուն: Այսօր բոլորս, իբրեւ լիբանանցիներ,  նման հանդիպումներու կարիքը ունինք` յատկապէս նոյն քաղաքական ուղեգիծը ունեցող ուժերը: «Ազգային ազատ հոսանքի եւ Ամալ շարժումին, կամ Ազգային ազատ հոսանքի եւ Մարատա շարժումին միջեւ ծագած անհամաձայնութիւնները պէտք է վերանան, եւ անոնց լուծում գտնուի», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` շեշտելով, որ համաձայնիլ չի նշանակեր մէկ կուսակցութիւն ըլլալ: Ան յատկապէս շեշտեց, որ հիմնականը եւ գերագոյն խնդիրը կը մնայ այն, որ լիբանանցիները պէտք չէ կարեւորութիւն տան այն բոլոր ծրագիրներուն, որոնք կրնան երկիրը մղել դէպի քաղաքացիական ներքին պատերազմ: Ծրագիրը կը գործէր 2006-ին, անիկա ի զօրու է նաեւ այսօր, սակայն բոլոր այն ուժերը, որոնք գրաւ կը դնեն նման ծրագիրներու յաջողութեան վրայ, պէտք է գիտնան, թէ ատիկա ձախողած ծրագիր է` շեշտելով, որ ներքին համերաշխութիւնը Լիբանանը հեռու կը պահէ շրջանային պատերազմներու վտանգներէ:

Անդրադառնալով շրջանային եւ յատկապէս Սուրիոյ տագնապի հարցերուն` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, թէ տարածաշրջանը եւ անոր  ժողովուրդը տագնապալից պահեր կ՛ապրին, մատնանշելով անցնող շաբթուան ընթացքին արձանագրուած 2 կարեւոր իրադարձութիւն` առաջինը իսրայէլեան օդուժին կողմէ Սուրիոյ «Թիֆոր» օդակայանի ռմբակոծումն է, որ թիրախ ընտրած էր իրանեան զինուորական ուժեր, ինչ որ յստակ եւ մտածուած գործողութիւն է ընդդէմ Իրանի. «Անշուշտ Իրանի քաղաքական եւ զինուորական պատասխանատուները ունին միակ իրաւունքը իրենց պատասխան գործողութիւններու մասին խօսելու, սակայն Հըզպալլան իբրեւ ուժ ներկայ է շրջանին մէջ եւ կ՛ըսէ իսրայէլացիներուն, թէ պէտք է գիտակցին, որ այս ռմբակոծումով պատմական սխալ ըրին եւ մեծ անխոհեմութեան դիմեցին` իրենք զիրենք Իրանի հետ ուղղակի բախման մէջ դնելով, իսկ Իրան փոքր, տկար եւ վախկոտ պետութիւն չէ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Սէյիտ Նասրալլա շարունակեց եւ յայտնեց, որ երկրորդ իրադարձութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի սպառնալիքներու թատրոնն է` նշելով, որ քիմիական զէնքի օգտագործման փաստ գոյութիւն չունի, իսկ Թրամփ ինքզինք հետաքննող եւ դատաւոր նկատեց նախքան այս գծով համապատասխան մարմիններուն շարժիլը:

Նասրալլա շեշտեց, որ Թրամփ եւ գաղտնի ոստիկանութեան բոլոր մարմինները պէտք է գիտակցին, որ երբ ամերիկացին կը սպառնայ, ենթադրաբար պէտք է աշխարհը, Սուրիան, Իրանն ու Ռուսիան վախի մէջ ըլլան եւ յանձնուին, սակայն ես կ՛ըսեմ ձեզի եւ աշխարհը թող գիտնայ, որ թրամփական այս սպառնալիքները չեն վախցներ Սուրիան, Իրանը, Ռուսիան եւ դիմադրութեան շարժումներն ու շրջանի ժողովուրդները: Ան դիտել տուաւ, որ շրջանին մէջ կայ մեծ ուժ մը, որ հիմնուած է յաղթանակներու վրայ, որ ձախողութեան մատնած է բազմաթիւ մեծ ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ ունի գիտակցութիւն ու անհրաժեշտ մարդուժ` որեւէ բանի դէմ կանգնելու:

Իր խօսքը եզրափակելով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղաը ըսաւ, որ ժամադրուած ենք 6 մայիսին` խիտ մասնակցութեամբ բոլոր ընտրաշրջաններուն մէջ, ի խնդիր հաւատարմութեան, որովհետեւ ասիկա հաւատարմութիւն է հանդէպ խոստումին, յաղթանակին, դիմադրութեան, երկրի ապագային, ազատ, ինքնիշխան եւ հզօր պետութեան:

 

Նախորդը

Ընտրական Քրոնիկ. «Զզուեցանք Դաշնակցականներէն…»

Յաջորդը

«Երկրին Սահմանադրութեան Եւ Օրէնքներուն Գործադրութեան Հսկելու Առաջնահերթութիւնը Հանրապետութեան Նախագահի Գլխաւոր Դերակատարութիւնն Է» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?