
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, թէ նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ստորագրած է հրամանագիրներ, որոնց համաձայն, Արա Ալեքսանեան եւ Համլեթ Գասպարեան նշանակուած են հանրապետութեան նախագահի խորհրդականներ` հասարակական հիմունքներով: