Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Ապրիլ 1968)

Ապրիլ 5, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Ազատ Ու Անկախ Լիբանանի Համար

Կիրակի, վերջին հանգրուան Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Այս անգամ պիտի արտայայտուի Լեռնալիբանան` այս երկրին սիրտը, խորհրդարան ղրկելու համար իր հարազատ ներկայացուցիչները:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որուն երեք թեկնածուները մայրաքաղաքին մէջ ընտրուեցան առանց մրցակիցի, ուշագրաւ երեւոյթ մը արձանագրելով լիբանանեան տարեգրութեանց մէջ, այս անգամ եւս իջած է ընտրապայքարի` ապահովելու համար իր չորրորդ թեկնածուին` Անտրէ Թապուրեանին յաղթանակը, իր ցանկակիցներուն` Սելիմ Լահուտի, Մորիս Ժեմայէլի, Էմիլ Սալհապի եւ Միշէլ Մըրի հետ:

Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն բերելով իր ամբողջական մասնակցութիւնը, ՀՅ Դաշնակցութիւնը, հաւատարիմ իր գաղափարաբանութեան եւ սկզբունքներուն, հիմնական ձգտումը ունի նախ`

Լիբանանի ազատութեան եւ անկախութեան պահպանումին, Ազգային ուխտին գծած ուղիով,

Ապա` ազատ ու անկախ Լիբանանի մէջ հետապնդումը մեր համայնքային գերագոյն շահերուն, հաւասարապէս մտահոգ բոլոր համայնքներու շահերով, հաւատալով, որ բոլորին եղբայրական միութեան մէջ է Լիբանանի ուժը:

Ահա մեր ազգային-քաղաքական փլաթֆորմը` շատ սեղմ գիծերու մէջ, համապատասխան` Լիբանանի ժողովուրդին բացարձակ մեծամասնութեան ցանկութիւններուն եւ ձգտումներուն:

Ու ասիկա նոր չէ: Այսպէս եղած է շարունակ, բոլոր ընտրապայքարներու ընթացքին, անոնցմէ առաջ եւ ետք, հազիւ ոտք դրած այս օրհնեալ երկիրը ու մինչեւ հիմա, մօտ յիսուն տարի:

Եւ որովհետեւ այսպէս է, մեր կազմակերպութիւնը արժանացած է Լիբանանի եկող ու գացող բոլոր ղեկավարներուն, պետական բոլոր դէմքերուն բացարձակ վստահութեան ու այդ վստահութենէն բխող համակրանքին ու յարգանքին:

Մենք այդ համակրանքն ու յարգանքը աւելիով փոխանցած ենք մեր ժողովուրդին, հայութեան լայն զանգուածներուն, անխտիր բոլորին, որոնք հայու անունով հպարտօրէն կ՛ապրին այս հիւրընկալ ափերուն վրայ, ազատութեան եւ համերաշխութեան այս օրրանին մէջ:

Կիրակի նոր քննութեան մը առիթ կը տրուի հայ ժողովուրդին: Այդ քննութեան մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը մեր ժողովուրդին կողքին է ինչպէս միշտ` իր ցուցմունքներով, իր յստակատես եւ իրապաշտ ղեկավարութեամբ` յաջող ելքի մը հասցնելու համար մեր զանգուածներուն միասնական, միահամուռ ճիգը:

Այս պայքարին մէջ, Մեթնի շրջանէն ներս, ուր կարեւոր թիւ մը կը կազմէ Պուրճ Համուտի հայութիւնը, իր զուտ հայկական դիմագիծով, Դաշնակցութեան շունչին անմիջականօրէն հաղորդակից, մեզի հետ են Լիբանանի ազատութեան եւ անկախութեան, անոր բարոյական ուժին անաղարտ պահպանման նախանձախնդիր կազմակերպութիւններ, որոնց արժանաւոր ներկայացուցիչները մաս կը կազմեն մեր ցանկին:

Կիրակի օր Պուրճ Համուտի հայութիւնը անգամ մը եւս պիտի գայ ըսելու իր խօսքը, անգամ մը եւս պիտի հաստատէ իր հաւատարմութիւնը, որ ունի ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարներուն հանդէպ:

Մէկ մարդու պէս, կարգապահ, մեր բարոյական հասկացողութիւններուն համապատասխան կեցուածքով Պուրճ Համուտ դարձեալ օրինակը պիտի տայ միակամութեան:

 

Սիրտը Մեր Թեկնածուներուն Հետ Է

Կիրակի, 7 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին վարագոյրը կ՛իջնէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վրայ, երբ ընտրուած պիտի ըլլան Լեռնալիբանանի վեց շրջաններուն 30 երեսփոխանները. ԺԻՊԷՅԼ` 2 մարոնի, 1 շիի, ՔԵՍՐՈՒԱՆ` 4 մարոնի, ՄԵԹՆ` 3 մարոնի, 1 յոյն, օրթոտոքս, 1 հայ, ՊԱԱՊՏԱ` 3 մարոնի, 1 տիւրզի,  1 շիի, ԱԼԷՅ` 2 տիւրզի, 2 մարոնի, 1 յոյն-օրթոտոքս, ՇՈՒՖ` 3 մարոնի, 2 տիւրզի, 2 սիւննի, 1 յոյն-կաթողիկէ:

Ամէնուրեք պայքարը բուռն է հակամարտ ցանկերու թեկնածուներուն միջեւ, բացի` Ալէյէն, ուր Էմիր Մեժիտի գլխաւորած ցանկը գրեթէ մրցակից չունի` նկատի ունենալով ուժերու համեմատութիւնը:

Հիւսիսային Մեթնի մէջ «Երեքներ»-ու եւ ՀՅ Դաշնակցութեան միացեալ ցանկը, որուն անդամներն են` Սելիմ Լահուտ, Մորիս Ժեմայէլ, Էմիլ Սալհապ, Միշէլ Մըր եւ Անտրէ Թապուրեան, կը վայելէ Մեթնի ժողովուրդին բացարձակ մեծամասնութեան համակրանքը: Պիսքենթէի բարձունքներէն մինչեւ միջին Մեթն` Պրումմանա, Տհուր Շուէր, ու անկէ ծովափ` Ժէլ էլ Տիպ, Տորա, Սին էլ Ֆիլ, ու վերջապէս` Պուրճ Համուտ, մեծ է ժողովուրդին խանդավառութիւնը մեր թեկնածուներուն շուրջ, որոնք հարազատ ներկայացուցիչներն են Մեթնի շրջանին:

Բոլոր անոնք, որոնք կիրակի մասնակցեցան «Երեքներ»-ու ցանկին անդամներուն յաղթական շրջապտոյտին` գլխաւորութեամբ նախագահ Շամունի, հաստատեցին, թէ ո՛ւր է Մեթնի ժողովուրդին սիրտը: Աննկարագրելի էր այն արտակարգ խանդավառութիւնը, որով նախագահ Շամուն եւ մեր թեկնածուները դիմաւորուեցան Մեթնի գիւղերուն մէջ, ուր ժողովուրդը խոր գիտակցութեամբ կը մօտենայ ընտրական խնդիրներուն, գիտէ, թէ ո՛ւր է երկրին շահը, Լիբանանի շահը:

Պուրճ Համուտի հայութիւնը, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս մէկ մարդու պէս կեցած է ՀՅ Դաշնակցութեան կողքին, կիրակի օր ըսելու համար իր խօսքը եւ իր քուէները զանգուածային ու միանուագ տալու «Երեքներ»-ու եւ Դաշնակցութեան հովանաւորութիւնը վայելող թեկնածուներուն:

Սին յոյսեր սնուցանողները եւ երեւակայածին հաշիւներ կատարողները ասկէ առաջ, բոլոր ընտրութիւններուն, տեսան, թէ Պուրճ Համուտի հայութիւնը անսահման ու անխառն վստահութիւն ունի Դաշնակցութեան հանդէպ, զայն կը նկատէ իր հարազատ ներկայացուցիչը, լրջախոհ ղեկավարը` հայ կեանքին: Դառն յուսախաբութիւնը եղաւ բաժինը անոնց, որոնք փորձեցին իրենց եսը պարտադրել ժողովուրդին կամքին:

Այս անգամ տարբեր պիտի չըլլայ պատկերը: Նոյն ուժին դիմաց, նոյն զանգուածին առջեւ փուլ պիտի գան բոլոր երազները:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Արտայայտութիւններ, Որոնց Պատճառով Երեխան Կը Դառնայ Բարդութաւորուած Չափահաս Մը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?