Երէկ` 2 ապրիլի երեկոյեան, Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ գտնուող «Պըրկըր Քինկ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է թթուածինի շիշի պայթում:
Վիրաւորուած է 8 հոգի, որոնցմէ 8 տարեկան երեխայ մը ծանր վիճակի մէջ է: Դէպքի վայր հասած են չորս մարտական կառք, ինչպէս նաեւ Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնի արտակարգ իրավիճակներու արձագանգման խումբերը: Կան նիւթական վնասներ: