Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկերի հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին նաեւ Արցախի տագնապի լուծման կարելիութիւնները.
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ 29 մարտին այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա: Ան նշած է, որ սոյն հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 5 ապրիլին: