Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

November 16, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՏԻԿԱՆ հաղորդեց, որ Լիբանան պիտի հիւրընկալէ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ապագային մասին խորհրդաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 18 եւ 19 նոյեմբերին` Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում ունեցաւ շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի հետ: Հանդիպումէն ետք Ֆընէյշ յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքները եւ անոր գործունէութեան արդիւնքը յստակ է:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու շեշտեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը անհրաժեշտ է` աւելցնելով, որ վարչապետի պաշտօնը կարմիր գիծ է:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ` հանդիպելէ ետք հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի հետ, յայտնեց, որ Արաբական լիկան դարձած է Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդին համազօր կառոյց: Ան աւելցուց, որ Արաբական լիկան գոյութիւն ունի կարգ մը ծանօթ պետութիւններու շահերը իրագործելու նպատակով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա «Նաշրա» կայքէջին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին խստիւ դատապարտեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին դէմ սանձազերծուած ամօթալի արշաւը` զայն նկատելով իսրայէլեան, ֆրանսական եւ Լիբանանեան ուժերու յատուկ արշաւ մը:

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ համայնքային լարուածութիւնը հետզհետէ կը սրի, յատկապէս Սուրիոյ տագնապին բարդացումին առընթեր:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ Միջազգային դատական ատեանի բանբեր Մարթին Եուսեֆ յայտնեց, որ այդ ատեանը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը` աւելցնելով, որ անոր առաքելութիւնը եւ աշխատանքը այս կամ այն անձնաւորութենէն կամ ֆինանսաւորումէն կախեալ չէ:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Մեծն Բրիտանիա 2010-ին Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խնդրանքով:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց ամէն ջանք ի գործ դնելու` վերջ տալու համար երկրին մէջ տիրող լարուածութեան եւ քաղաքական երկփեղկումին, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու համար երկրին ազգային միասնականութիւնը:

ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ պլոքի անդամ երեսփոխան Աքրամ Շեհայեպ` պատասխանելով ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի, յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի առեւանգուողներուն թղթածրարը փակելը շատ վտանգաւոր է:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր կոչ ուղղեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն սպասելու նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձին, նախքան իշխանութեան անոր վերադարձի հաւանականութեան մասին խօսիլը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Միշել Սմահա յայտնեց, որ Դիմադրութեան զօրակցելու հարցով, Սուրիոյ դէմ համաշխարհային եւ համաարաբական կեցուածքներ ճշդուած են:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան երեսփոխան Ասեմ Քանսօ յայտնեց, որ Իսրայէլի դէմ ճակատելու որեւէ բեմագրութեան պարագային իրենք պատրաստ են` նշելով, որ Իսրայէլ ներկայիս կը գտնուին «փոթորիկ»ի մը դիմաց:

 

 

Նախորդը

ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՎ, ՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է «ԴԷՊԻ ՀԱՅՔ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՆՈՒԷՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑԵՑ ՍԵՒԱՆ ԳԱՊԱԳԵԱՆ

Յաջորդը

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՄՏԱՀՈԳ Է ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԲՌՆԿԵԼԻՔ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՈՎ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.