Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էրտողան Անձամբ Հրահանգած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Դէմ Պերլինի Մէջ Ցոյցեր Կազմակերպել» Կը Գրէ «Տեր Շփիկըլ»

March 28, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անձամբ հրահանգած է Գերմանիոյ մէջ բողոքի ցոյցեր կազմակերպել` յուլիս 2016-ին Պունտըսթակի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրման դէմ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Ահվալ» գործակալութիւնը, այս մասին կը գրէ գերմանական «Տեր Շփիկըլ»:

Գերմանիոյ ոստիկանութեան կողմէ ձայնագրուած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս Էրտողան 1 յուլիսին` Պունտըսթակի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրումէն մէկ օր առաջ կը հեռաձայնէ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխան Մեթին Քիւլունքին, որ այդ ժամանակ Պերլին էր եւ կը զբաղէր բողոքի ցոյցերու կազմակերպումով:

«Տեր Շփիկըլ» հրապարակած է Հեսսեն երկրամասի ոստիկանութեան կողմէ ձայնագրուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններէն մէկուն սղագրութիւնը, որ կ՛արտօնէ ենթադրել, որ Էրտողան անձամբ կը ղեկավարէր բողոքի ցոյցերը:

Հեսսենի ոստիկանութիւնը կը լսէ, թէ ինչպէ՛ս 1 յուլիս 2016-ի ժամը 23:30-ին կապի մէջ կը մտնէ Էրտողանը` խօսելով Քիւլունքի հետ: «Ինչպէ՞ս էք, պարո՛ն նախագահ», կը հարցնէ երեսփոխանը: Ապա կը զեկուցէ Պերլինի մէջ քննարկուող բանաձեւին դէմ բողոքի ցոյցերուն մասին` աւելցնելով. «Կը սպասեմ ձեր հրահանգներուն»:

Էրտողան կը պատասխանէ, որ պիտի կապուի Քիւլունքի հետ եւ բարի գիշեր կը մաղթէ անոր:

Գերմանական պարբերականը կը նշէ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան բովանդակութիւնը ապշեցուցած է Հեսսենի ոստիկանութիւնը, որ արձանագրած է, թէ ի՛նչ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ Անգարան Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին եւ ատոր որդեգրման դէմ Պերլինի մէջ կազմակերպուելիք ցոյցերուն, որ ատով անձամբ կը հետաքրքրուի  երկրի նախագահը:

«Տեր Շփիկըլ» կը յայտնէ, որ ներկայիս հետաքննութիւն կը կատարուի` բացայայտելու Քիւլունքի կապը Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւններուն հետ, այն բանէն ետք, որ 2017-ին տեղեկութիւններ յայտնուած էին, որ երեսփոխանը գումարներ կը տրամադրէ թուրք-գերմանական ազգայնական «Օսմանեն Ճերմանիա» խմբաւորման: Ըստ տեղեկատուութեան, գումարները օգտագործուած են քրտական խումբերու դէմ զինամթերք գնելու համար:

Պերլինի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումէն ետք շուրջ 1000 թուրքեր բողոքի ցոյց կատարած էին:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերուն Կազմակերպումին Եւ Նշանակեց Թաղապետներու Սնտուկի Վարչական Խորհուրդը

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարները Կը Քննարկեն Փոխադարձ Գործակցութեան Հարցեր

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.