Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու բարեկամական մրցաշարքի բաժակը նուաճեց Ուրուկուէյ, որ երէկ աւարտական մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթեց Կալեսի: Խաղին միակ կոլը 49-րդ վայրկեանին նշանակեց ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի, որ իր 100-րդ մրցումը կատարեց Ուրուկուէյի ազգային հաւաքականի կազմին մէջ:
Երրորդ դիրքը գրաւեց Չեխիան, որ 4-1 արդիւնքով յաղթեց Չինաստանի: