Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կ՛ափսոսամ, Որ Ազրպէյճան Ռուսիայէն Գնած Զէնքով Խախտեց Զինադուլը. Ռուսիան Հետեւութիւններ Կատարած Է» Կ՛ըսէ Զաթուլին

Մարտ 27, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան իսկապէս մտահոգ է այն փորձերով, որոնք կը ձգտին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ներկայ սթաթիւս քոն խախտել: Այս մասին երէկ Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Տումայի ԱՊՀ գործերով եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Քոնսթանթին Զաթուլին:

Ան նշեց, որ իրենք մտահոգ են նաեւ այն փորձերով, որոնք կը ձգտին բանակցային հոլովոյթը տանիլ փակուղի եւ կ՛արտայայտուին զինուորական հռետորաբանութեամբ, ուժի կիրարկման սպառնալիքով:

«Մենք կը հասկնանք, որ ղարաբաղեան տագնապը, ինչպէս աշխարհի շարք մը այլ տագնապներ, չունի լուծման այլ տարբերակ, քան խաղաղ լուծումն է: Ռուսիոյ մէջ, ինչպէս միշտ, մտահոգ են անով, որ զինուորական տարբերակը կիրարկելի չըլլայ այս տագնապի լուծման համար», շեշտեց Զաթուլին:

Ան վերահաստատեց, որ Ռուսիան պիտի կատարէ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ Հայաստանի նկատմամբ իր ունեցած դաշնակցային պարտաւորութիւնները:

Քոնսթանթին Զաթուլին նաեւ ըսաւ, թէ այդ հարցին մէջ անգամ մը եւս համոզուած են` կիրակի օր այցելելով Գիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական 102-րդ ռազմակայան:

«Ռուսիան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ծիրին մէջ հետագային եւս Հայաստանի նկատմամբ որեւէ յարձակում կամ զինուորական վտանգ պիտի նկատէ իբրեւ վտանգ իր` Ռուսիոյ նկատմամբ: Մենք կը հասկնանք, որ 2016-ի բռնկումէն ետք, որ սադրած էր կողմերէն մէկը, հայկական կողմը դժգոհ էր անկէ, որ Ռուսիան սպառազինութիւն մատակարարած է Ազրպէյճանին: Մենք կ՛ափսոսանք, որ Ազրպէյճան չգտաւ այդ զէնքի կիրարկումի այլ տարբերակ, քան` խախտել շփման գիծին վրայ զինադուլի դրութիւնը: Մենք հետեւութիւններ կատարած ենք այս ամէնէն», յայտարարեց Զաթուլին:

«Կ՛ուզեմ հրաւիրել ձեր ուշադրութիւնը այն իրականութեան վրայ, թէ Ռուսիան Հայաստանին տրամադրած է ժամանակակից պաշտպանութեան միջոցներ, որոնք, յոյս ունիմ, պիտի տեսնէք տողանցքի ժամանակ», աւելցուց ան:

Քոնսթանթին Զաթուլին ըսաւ, թէ ինք Հայաստանի եւ Ռուսիոյ բարեկամութեան կողմնակից է, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ պետական տումայի շարք մը երեսփոխաններ:

Լրագրողներէն մէկուն նշումին, թէ 2016-ի իրադարձութիւններէն 2 տարի անցած է, սակայն Ռուսիան կը շարունակէ զինել Ազրպէյճանը, աւելի՛ն` Պաքուն կը յայտարարէ, թէ պիտի վերատիրանայ ո՛չ միայն Ղարաբաղին, այլ նաեւ Երեւանին ու Զանգեզուրին, որովհետեւ «անոնք իրենց պատմական հողերն են», Քոնսթանթին Զաթուլին պատասխանեց, թէ Ազրպէյճանին զէնքի մատակարարում իսկապէս եղած է, սակայն ատիկա կատարուած է արդէն վճարուած եւ նախապէս կնքուած համաձայնագիրներու հիմամբ:

«Հայաստանին անոնք տրամադրուած են այլ պայմաններով: Ինչ կը վերաբերի Ալիեւի յայտարարութեան, ապա ըսեմ, թէ ես պիտի ուզէի առաւելագոյն չափով ճիշդ արտայայտուիլ` հաշուի առնելով այն, որ վաղը պիտի կարդամ իմ մեկնաբանութիւններս Ազրպէյճանի լրատուամիջոցներուն մէջ: Ազրպէյճանի յարգելի նախագահը թուլացուցած է իր դիրքերը` միջազգային ընտանիքին առջեւ այդպիսի յայտարարութիւններ կատարելով: Անոնք, հաւանաբար, ներքին լսարանին համար կատարուած են, ընտրութիւններէն առաջ, սակայն չեմ կարծեր, թէ անիկա քննադատութեան պիտի դիմանայ պատմական, քաղաքական եւ այլ տեսանկիւններէն: Յստակ չէ, թէ ո՛վ կրնար լուրջ վերաբերիլ այս միտքերուն», ըսաւ Զաթուլին:

 

 

Նախորդը

«Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Եւ Մուսթաքպալ Հոսանքի Զահլէի Ընտրացանկի Հայ Թեկնածուն` Հյդ-Ի Թեկնածուն Չէ» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Արցախի Պետական Նախարարը Գերմանիոյ Նախկին Դեսպանին Հետ Քննարկած Է Արցախ – Գերմանիա Համագործակցութեան Հեռանկարները

RelatedPosts

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
Քոնկրեսին Մէջ Արցախի  Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում
Հայկական

Քոնկրեսին Մէջ Արցախի Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում

Մայիս 3, 2025
Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին`  Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով
Հայկական

Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին` Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով

Մայիս 3, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?