Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքերը Կը Շարունակեն Ոգեկոչել Հայոց Ցեղասպանութիւն Իրագործած Մարդասպաններու Յիշատակը. Թուրքիոյ Մէջ Խորհրդաժողով Կազմակերպուած Է «Հայկական Հարցը Եւ Գաւառապետ Քեմալ Պէյը» Նիւթով

March 24, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆ

Թուրքիոյ մէջ ապրիլ ամսուան ընդառաջ աւելի յաճախակի կը դառնան հակահայկական խորհրդաժողովներն ու ձեռնարկները: Վերջերս հոն խորհրդաժողով  կազմակերպուած է` «Հայկական հարցը եւ գաւառապետ Քեմալ պէյը» նիւթով։ Այդ մասին կը հաղորդէ «Ակունք»-ը`  վկայակոչելով թրքական «Միլլիյէթ» պարբերականը:

Աղբիւրին համաձայն, խորհրդաժողովին ելոյթ ունեցած է Իհսան Քուրթը, որ խուսափած է մինչեւ իսկ թրքական պաշտօնական պատմագրութեան կողմէ ընդունուած «տեղահանութիւն» բառէն` Հայոց ցեղասպանութիւնն անուանելով «տեղափոխում» եւ պնդելով, թէ իբր «աքսոր իմաստով կիրարկուող տեղահանութիւն չէ եղած»:

Թուրք «գիտնականը» կրկնած է նաեւ թրքական պաշտօնական պատմագրութեան կեղծ թեզերը, թէ` «քանի որ այն ժամանակ երկիրը կը գտնուէր պատերազմական դրութեան մէջ, ապա նման դէպքերու տեղի ունենալը միանգամայն բնական էր»:

Անդրադառնալով նաեւ Եոզկաթի փոխկառավարիչ եւ Պողազլըեանի գաւառապետ Քեմալ պէյին` Իհսան Քուրթը պնդած է, որ Քեմալը իբր թէ մահուան դատապարտուած է հայկական քարոզչութեան պատճառով:

Յիշեցնենք, որ 1919-1921 թուականներուն հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու մեղադրանքով Պոլսոյ մէջ յարուցուած շուրջ 63 դատական գործերու շարքին առաջինը տեղի ունեցած է Եոզկաթի դատավարութիւնը, որու աւարտին դատարանը, ունկնդրութեան արժանացնելով բազմաթիւ թուրք եւ այլազգի վկաներ, մահուան դատապարտած է Քեմալը` տեղի բազմաթիւ հայերն սպաննելու` կեդրոնէն ստացուած հրամանն ի կատար ածելու համար:

Քեմալին մահապատիժն գործադրուած է 1919 թուականի ապրիլ 10-ին, Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին վրայ: Սոյն մահապատիժէն անմիջապէս ետք երիտթուրքերը մեծ ցոյց կազմակերպած են Քեմալի յիշատակին եւ զայն ներկայացուցած` որպէս առաջին «զոհ», ապա մեծ շուքով թաղած են զայն, բան մը, որ անթոյլատրելի էր նման դատապարտեալներու պարագային:

Իսկ հետագային արդէն Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ոչ միայն հերոսացուցած է Քեմալի նման հայասպանները, այլեւ նոյնիսկ թոշակ եւ գոյք տրամադրած է անոնց ընտանիքներուն: Եւ մինչ այժմ Թուրքիոյ մէջ պարբերաբար կը կազմակերպուին նման մարդասպաններու յիշատակը ոգեկոչող ձեռնարկներ:

 

 

Նախորդը

Սլաքներ. Ռուսերուն Մատները…

Յաջորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Աֆրինը Ինկաւ, Հետը Նաեւ` Քրտական Տեսլականը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.