ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ
Երբ դիտենք հիմնական քաղաքական արժէքները, ձախ եւ աջ կողմերու միջեւ կը տեսնենք մեծ տարբերութիւններ, բայց կան նաեւ երկու արժէքներ, որոնք կարծես համընդհանուր են, առաջինը համայնքն է, երկրորդը` պատկանելիութիւնը, եւ այս երկու արժէքները առնուազն ընդհանուր լեզու կրնան ըլլալ` երկխօսութիւն սկսելու համար մեր հասարակութեան հետ:
Արժէքները որեւէ արդիւնաւէտ քաղաքականութեան հիմնաքարերն են: Անոնք կը խօսին այն փաստին մասին, որ մենք հիմնական կարեւորութիւն կու տանք անոնց մեր լինելութեան ուղիի գծման պահուն. արժէքները մեզի կ՛առաջարկեն ուղեցոյց` գնահատելու համար այն, ինչ որ մենք կը համարենք լաւ եւ արժանի:
Արժէքները կարելի է արտայայտել միայնակ բառերով, օրինակ` «միասնականութիւնը» արժէքային սկզբունք է, որ կը նկարագրէ, թէ ինչպիսի՛ն է այն աշխարհը, ուր մենք կ՛ուզենք ապրիլ: Օրինակ` ես կ՛ուզեմ ապրիլ այնպիսի աշխարհի մէջ, ուր բոլորն ալ ունին գերազանց կրթութիւն, լիարժէք եկամուտ, առողջական համակարգ, որ կը սպասարկէ բոլորին:
Այստեղ է, որ ձախ քաղաքական կողմի առաջադէմները ձախողեր են: Որո՞նք են այն արժէքները, որոնք կ՛ուզենք, որ դառնան մեր երազած հասարակութեան հիմնաքարերը:
Այս ձախողումը պէտք է դառնայ մեր քննարկումներուն հիմնական թեման: Վերջին երկու տասնամեակներուն հայրենիքի տնտեսական շարունակուող անկման դիմաց մեր առաջադէմ քաղաքական գործիչները չունին իրավիճակին հակադիր սեփական լուծումը` պատումը:
Նոր-ազատականութիւնը փաստօրէն այսօր ձախողած քաղաքականութիւն է մեր երկրին մէջ: 25 տարի հանդուրժեցինք տարատեսակ փորձարկութիւններ:
Այսուհանդերձ, կը շարունակենք թոյլ տալ այս ճգնաժամի ճարտարապետներուն շարունակել հին բուժումը` ոչ կառավարական միջամտութիւնը: Այս ձախողութիւնը առաջացեր է մեր մէջ «քաղաքական երեւակայութեան պակասէն», որ կարելի է ուղղել միայն «բացատրելով» նոր պատումը, խթանելով մարդոց քաղաքական երեւակայութիւնը:
Մեր արժէքները եւ սկզբունքները պէտք չէ փոխուին, բայց քաղաքականութիւնը պէտք է զարգանայ, փոխուի մշտապէս` հիմնուելով այդ արժէքներուն վրայ: Մենք շատ վատ եղած ենք, չենք կրցած բացատրել, թէ ի՛նչ արժէքներ ու սկզբունքներ են անոնք:
Մեր արժէքները եւ սկզբունքները պէտք է տեղադրուին նոր պատումի մէջ, նոր պատմութեամբ:
Այնպէս որ, կրնա՞նք մենք ՀՅԴ-ն որպէս կուսակցութիւն այդ պատմութիւնը պատել: Ընդդիմութեան քաղաքականութեան առաջնորդողի նոր մօտեցում որդեգրելու համար ի՞նչ կրնանք ընել:
Բողոքելը անհրաժեշտ է, բայց` ոչ բաւարար. միայն ընդդիմադիր ըլլալը բաւարար չէ, մենք պէտք է ստեղծենք մեր սեփական յստակ առաջարկը: Մեր քաղաքականութեան ամրապնդման համար մենք պէտք է իմանանք, թէ որո՛նք են մեր արժէքները, եւ բարձրաձայն ըսենք, որ ասոնք են մեր հիմնական արժէքները: Հիմա հարց կու տաք, թէ ի՛նչ է այս գրութեան նպատակը: Նոր պայքարի հրաւէ՞ր:
Անցեալին, երբ մենք գտնուեր ենք ճգնաժամի մը առջեւ, անմիջապէս հակազդած ենք մտածելակերպի նոր ձեւերու յղացումով եւ անոր զարգացումով: Նոր-ազատականութիւնը անկումի մէջ է Հայաստանի մէջ, եւ մենք ոչ մէկ նոր փոխարինող պատում չունինք: Ճգնաժամը նոր հնարաւորութիւն կու տայ մեզի ըսելու, որ ասիկա այլեւս չ՛աշխատիր, հիմա ամէն ինչ վերապատշաճեցնելու ժամանակն է:
Այս հարցադրումիս շրջապատի մարդիկ անմիջապէս կը հակազդեն` դուք պետականամի՞տ էք, թէ՞ ազատ շուկայի հաւատացեալ: Ո՞ր մէկուն կը հաւատաք, պետական նուազագոյն միջամտութեա՞ն, թէ՞ հակառակը` պետական սեփականութեան եւ տնտեսութեան կանոնակարգումի ընդլայնման: Այս է մեր կեդրոնական քաղաքական բանավէճը այսօր, որ տեղի կ՛ունենայ անձայն:
Բայց այս հակադրումը հիմնուած է սխալ նախադրեալի վրայ:
Երկու մտածելակերպերուն հետեւողներն ալ կարծես համաձայն են, որ պետութիւնը եւ շուկան միակ ոլորտներն են, որոնք արժանի են քննարկումի, քաղաքականութիւնը կարծես պիտի առաջ շարժի գծային, մէկ այս մէկ միւս կողմ շարժով:
Սակայն փաստօրէն կան ոչ միայն երկու, այլ չորս խոշոր տնտեսական ոլորտներ` շուկայ, պետութիւն, ընտանիք եւ համայնք: Վերջին երկուքին անտեսումը, թէ՛ աջի եւ թէ՛ ձախի կողմէ, յանգեցուցած են մեր ժամանակներու բազմաթիւ հրէշութիւններու:
Երկուքն ալ` ե՛ւ շուկան, ե՛ւ պետութիւնը, ընտանիքներէն կը ստանան մեծ օժանդակութիւններ: Ծնողներու եւ ընտանիքի այլ անդամներու կողմէ տարուող հոգատարութեան անվճար աշխատանքը, հիմնականին մէջ` իրականացուած կիներու կողմէ, հսկայական ներդրում է պետական գանձին: Եթէ կիները տունը երեխաներուն չնային, ընտանիքի բոլոր անդամներուն սննդական եւ առողջական հարցերը չլուծեն, չհետեւին երեխաներու կրթական խնդիրներուն, երեխաներուն չսորվեցնեն մարդկային հիմնական հմտութիւնները, ապա մեր երկրին մէջ ու նաեւ ամէնուրեք տնտեսութիւն գոյութիւն չէր ունենար: Եւ եթէ հիւանդ, տարեց կամ հաշմանդամութիւն ունեցող մարդիկ ձրիաբար տան մէջ օգնութիւն եւ աջակցութիւն չստանային հարազատներու կողմէ, ապա միայն առողջապահութեան ոլորտը ինքնին կրնար կործանել պետութիւնը, որեւէ պետութիւն:
Կայ նաեւ մէկ այլ մեծ օժանդակութիւն, որ մեր բոլորին` հայ քաղաքացիներուն կողմէ շնորհուած է հայկական պետութեան: Ես կը խօսիմ այն մասին, որ մեր տնտեսական վերնախաւը կուտակեր է մեծ հարստութիւն` իւրացնելով տնտեսութեան չորրորդ հատուածը` բռնագրաւելով հասարակացները:
Այն իրողութիւնը, որ անհրաժեշտ է նորէն ու նորէն բացատրել, թէ ի՛նչ են հասարակացները, կը վկայէ այն մասին, որ մեծամասնութիւնը չի գիտեր անոր ինչ ըլլալը: Համայնքայինը, հասարակացը /A commons/ ո՛չ պետական է, ո՛չ ալ շուկայական: Անիկա ունի երեք հիմնական տարրեր: Նախ` անիկա աղբիւր է, ինչպիսին են` հողը, ջուրը, հանքերը, համալսարաններու մէջ տարուող գիտական հետազօտութիւնները, անտառները, բնութիւնը, մաքուր օդը, ելեկտրա-արտադրութիւնը կամ այլ ծրագիրները: Երկրորդ` անիկա կ՛ընդգրկէ համայնքին պատկանող խումբ մը մարդիկ. անոնք կը կազմակերպուին այդ աղբիւրը կառավարելու համար եւ իրաւատէրն են այդ աղբիւրին: Երրորդ տարրը կանոնները, համակարգերն ու բանակցութիւններն են, որոնք նոյն մարդիկ կը ստեղծեն պահպանելու եւ պաշտպանելու համար աղբիւրը եւ յետոյ բոլորին բաշխելու համար անկէ բխող նպաստները:
Ճշմարիտ հասարակացները կը կառավարուին ոչ թէ դրամագլուխի կամ շահոյթի կուտակման համար, այլ` բարօրութեան կայուն գոյացման համար: Անիկա կը պատկանի որոշակի խումբի մը, որ կրնայ ապրիլ այդ աղբիւրին վրայ կամ անոր կողքին եւ կամ կը պատկանի անոր, որ ստեղծեր է այդ աղբիւրը եւ պահպաներ է այն: Անիկա անքակտելի է, այսինքն պէտք չէ վաճառուի կամ տրուի ուրիշին: Եթէ հասարակացը հիմնուած է կենդանի աղբիւրի վրայ, ինչպիսիք են` անտառը, գետերը կամ հանքերը, ապա համայնքի անդամները` հասարակութիւնը շահագրգռուած է այդ աղբիւրի երկարաժամկէտ պաշտպանութեամբ, այլ ոչ թէ` կարճաժամկէտ շահոյթով, որ յաճախ կ՛ապահովուի աղբիւրի ոչնչացման գնով:
Համայնքները յարձակումի տակ եղած են դարեր շարունակ, ինչպէս պետական իշխանութեան, այնպէս ալ` դրամատիրութեան կողմէ: Այնպիսի աղբիւրներ, զորս ոչ ոք յօրինած է կամ` ստեղծած, կամ ստեղծուեր են միասին` բազմաթիւ մարդոց կողմէ, կը գողցուին պետութեան կամ առեւտուրին կողմէ, որոնք կ՛օգտագործեն աղբիւրը` շահոյթ ստանալու համար: Պալզաքին վերագրուած խօսքը դիպուկ է, եւ կ՛ուզեմ մէջբերել. «Իւրաքանչիւր մեծ հարստութեան ետին կայ մեծ յանցագործութիւն»: Առեւտուրի սրամտութիւնը գիտ՞էք, թէ ի՜նչ է. բացայայտել այլ մարդոց աշխատանքի եւ ունեցուածքի իւրացման, յաճախ օրինական, նոր տարբերակներ:
Մարդոց կամ ընկերութիւններու կողմէ ստեղծուած արժէքի գողութիւնը կը կոչուի պարիսպել, որմափակել: Սկիզբը այդ կը նշանակէր հողի զաւթում` բռնի ուժով: Ներկայիս գործող մոտելը սկսած է Անգլիոյ մէջ եւ այնտեղէն տարածուած է աշխարհի մնացած մասերը: Անիկա տակաւին կը շարունակուի հողային մեծ գրաւումներու միջոցով:
Բայց պարիսպումը կը ստեղծէ անհաւասարութիւն: Անիկա կը ստեղծէ վարձակալողական տնտեսութիւն: Անոնք, որոնք կը գրաւեն հիմնական աղբիւրները, մնացեալին կը պարտադրեն վճարել աղբիւրէն օգտուելու համար: Անիկա կը խարխլէ համայնքները եւ կ՛օտարէ մարդիկը իրենց աշխատանքէն եւ շրջապատէն: Հաստատուած էքօ-համակարգերը, որոնք համայնքները պահպանած են դարեր շարունակ, կը լուծարուին կանխիկացման համար: Անհաւասարութիւն, վարձոյթ, աղբիւրներու մասնատում, օտարում, բնութեան եւ միջավայրի ոչնչացում. ահա թէ ինչո՛ւ հասարակացներու խնդիրը այսօր մեր բոլոր միւս խնդիրներուն աղբիւրն է:
Դուք կրնաք պարիսպատում տեսնել նորանոր տարբերակներով, վճարել ամէն բանի համար, որ դարձած է չափանիշ, վճարել` նոյնիսկ այն բանի համար, որ մենք հաւաքաբար ստեղծած ենք… օրինակ` համացանցի վրայ առկայ միլիոններու աշխատանքի միջոցով ստեղծուած համակարգէն օգտուելու համար մենք այսօր պէտք է վճարենք: Աւելի՛ն. չվճարելը յանցագործութիւն է, պատժելի` պետական օրէնքով:
Այլ օրինակ մըն ալ առեւտրային համաձայնագրերու միջոցով մտաւոր սեփականութեան զաւթումն է. օրինակ` կենսաքիմիական ընկերութիւնները, որոնց կը թոյլատրուի զաւթել ծինային նիւթերու, բոյսերու տեսակներու եւ բնական բաղադրութիւններու շահագործման բացառիկ իրաւունքներ: Այլ մտահոգիչ զաւթումն ալ տեղի կ՛ունենայ մեր բարձրագոյն հիմնարկներէն ներս` հասարակութեան ֆինանսաւորմամբ ստեղծուած գիտական հետազօտութեան արդիւնքներու իւրացումով. փաստօրէն այսօր գիտութենէն կարելի է օգտուիլ միայն մեծ վճարներու դիմաց:
Այս բոլորէն մեկնելով` այստեղ առաջարկս հետեւեալն է. շատ պարզ. համայնքներուն պէտք է վերադարձնել աղբիւրներու հսկողութիւնը, որմէ կախեալ է համայնքին բարգաւաճումը:
Ես չեմ առաջարկեր, որ մենք հրաժարինք շուկայէն կամ պետութենէն, բայց կ՛առաջարկեմ հաւասարակշռել այս երկուքը` պաշտպանելով եւ ընդլայնելով միւս երկու անտեսուած ոլորտները: Կը կարծեմ, որ անվճար աշխատող հոգատարները պէտք է վարձատրել, պետական եւ սեփական ձեռնարկութիւնները միասնաբար պարտին վերահատուցել ձրի օժանդակութեան մէկ մասը: Իսկ համայնքներուն պէտք է վերադարձնել աղբիւրներու հսկողութիւնը, որմէ կախեալ է ե՛ւ համայնքի, ե՛ւ երկրի բարգաւաճումը: Օրինակի համար, իւրաքանչիւր հողատէր, որ ունի արժէքաւոր հող, պարտի տեղական համայնքին վճարել հողի արժէքի հարկ` որպէս փոխհատուցում ուրիշներու կողմէ ստեղծուած հարստութեան: Այդ հարկին մէկ մասը կարելի է հաւաքել տեղական եւ ազգային կառավարութեան կողմէ, վճարել բոլոր ձրի ծառայութիւններուն համար եւ աւելի հարուստ համայնքներէն գումար յատկացնել աղքատ համայնքներուն: Սակայն հարկէն գոյացած մուտքը պէտք է պատկանի միայն տեղական համայնքին: Այդ գումարով կարելի է վերագնել հողը, վերականգնել հասարակացը եւ վերաբաշխել շահոյթը:
Հասարակացը, ի տարբերութիւն պետականին, կը պարտաւորեցնէ մարդիկը` միասին աշխատելու, պահպանելու իրենց աղբիւրները եւ որոշելու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է օգտագործուի ե՛ւ աղբիւրը, ե՛ւ անկէ բխող եկամուտը: Անիկա համայնքային կեանքին կու տայ յստակ կիզադրութիւն: Անոր յաջողութիւնը կախեալ է իսկական ժողովրդավարութենէն: Անիկա կը վերացնէ անհաւասարութիւնը: Անիկա կը դառնայ բնութիւնը, միջավայրը, մեր ապագան եւ աշխարհը պաշտպանելու խթան: Մէկ խօսքով, անիկա կը ծնի պատկանելիութեան քաղաքականութիւն:
Մեր կուսակցութիւնը կրնայ իւրացնել այս տեսլականը: Շեշտը համայնքին եւ նորաստեղծ գործակցութիւններու (որոնք որոշ պարագաներու կարելի է որակել որպէս հասարակաց) վրայ դնելով` մենք կրնանք խթանել հետաքրքրութիւնը եւ շահագրգռուածութիւնը` հասարակաց սեփականութեան գաղափարի նկատմամբ:
Յոյսով եմ, որ մեր կուսակցութինը կարենայ ակնյայտ քայլ կատարել եւ հասկնայ ու հասկցնէ միւս քաղաքական կազմակերպութիւններուն, որ տնտեսութիւնը ունի չորս ոլորտ, ոչ թէ՛ երկու: Այս կէտէն կարելի է սկսիլ մեր երկրի ընկերային եւ բնապահպանական անյետաձգելի փոխակերպումը, որուն մեր հայրենակիցները կը սպասեն երկար ժամանակէ ի վեր:
Սթոքհոլմ, 16 մարտ 2018
Յ. Գ. Սիրելի՛ ընթերցողներ, որպէսզի իմ գրութիւններս չվերածուին անապատի մէջ արտասանուած խօսքի, կը քաջալերեմ, որ պատասխանէք, հակաճարէք, վիճիք, նորը առաջարկէք… կը սպասեմ:
Յօդուածի բնօրինակը՝
https://www.theguardian.com/commentisfree/2017/sep/27/rich-assets-resources-prosperity-commons-george-monbiotsil
հայ մամուլը պէտք չէ վերածել բանագողական կեղծիքի դաշտի։
Հղումը այս է, վերը սխալ արտագրած էի։ https://www.theguardian.com/commentisfree/2017/sep/27/rich-assets-resources-prosperity-commons-george-monbiot տրամադրեմ միայն վերջին երեք պարբերութիւնները՝
“A commons, unlike state spending, obliges people to work together, to sustain their resources and decide how the income should be used. It gives community life a clear focus. It depends on democracy in its truest form. It destroys inequality. It provides an incentive to protect the living world. It creates, in sum, a politics of belonging.
To judge by the speeches at this week’s Labour conference, the party could be receptive to this vision. The emphasis on community and cooperatives (which in some cases qualify as commons), the interest in broadening ownership and fighting oppressive trade agreements, point towards this destination.
I hope such parties can take the obvious step, and recognise that the economy has four sectors, not two. That’s the point at which it can begin: the social and environmental transformation for which so many of us have been waiting.”
ՃորՃ մոնպիոդին բոլոր աշխատանքներուն ծանօթ եմ տարիներէ իվեր… իսկ commonsի պարագային իմ ներշնչումը կուգայ ախարհահռչակ
Վանդանա Շիվայէն … անոր հետ աշխատած եմ, նույնիսկ ֆիլմ նկարահանած 2006ին …
Կը կարծեմ որ տարբերութիւն կայ ներշնչումի եւ ընդօրինակութեան միջեւ (եթէ ոչ բոլորը, յստակօրէն բազմաթիւ պարբերութիւններ ընդօրինակութիւն են). առ նուազն պէտք է նշել աղբիւրը, լրագրական եւ գիտական ոլորտի մէջ պարկեշտութիւնը այդ կը պահանջէ:
Առաւել, միայն commons-ի նիւթին չի վերաբերիր, ահա նախորդ երկուքը՝
https://www.aztagdaily.com/archives/380339
https://www.aztagdaily.com/archives/385206
եւ անոնց աղբիւրը՝
https://www.theguardian.com/books/2017/sep/09/george-monbiot-how-de-we-get-out-of-this-mess