ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Կիրակի, 18 մարտին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը Մեթնի մէջ իր ընտրական ցանկը յայտարարեց: Հանդիսութեան ընթացքին տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին ՌԱԿ-ի թեկնածուին արտասանած խօսքէն ետք փորձեց հետեւիլ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռանըլտ Ռիկընի օրինակին, սակայն ի տարբերութիւն Ռիկընի, անոր կատարած «սրամտութիւնը» անհամ ու վիրաւորական էր: Ան որոշ հայերու մօտ արաբերէն լեզուին մէջ դիմագրաւած դժուարութեան ակնարկելով յայտնեց, որ իր կուսակցութեան թէ՛ Մեթնի, թէ՛ Պէյրութի ընտրացանկերուն վրայ հայ թեկնածուներու գոյութեան պատճառով անհրաժեշտ է կուսակցութեան «ուշադիր եղիր եղբօրդ» նշանաբանը արականէն փոխել իգականի: Զարմանալիօրէն ներկաները այս տափակ կատակը լսելով խնդացին:
Ո՛չ պարոն Ռիաշի, ո՛չ: Այդ խօսքը ժամանակավրէպ կատակէ մը աւելին է: Եթէ նպատակդ Մեթնի հայ քուէարկողներուն հաճոյանալ էր, կատարածդ իսկութեան մէջ արջի ծառայութիւն էր, որովհետեւ կը կասկածիմ, թէ կրցար Մեթնի կամ Պէյրութի հայերուն կամ որեւէ հայ մարդու մօտ կուսակցութեանդ եւ անոր ընտրացանկին նկատմամբ համակրանք ստեղծել:
Այստեղ նաեւ պէտք է հարց տալ, թէ Մեթնի մէջ ՌԱԿ-ի յարգելի թեկնածուն, անոր կուսակցութեան պատասխանատուներն ու մնացեալ թեկնածուները արդեօք ի՞նչ զգացին այդ «հանճարեղ» կատակն ու ներկաներուն խնդուքը լսելով. հոգեկան բաւարարութի՞ւն, թէ պարոն Ռիաշիի ձեռամբ արդէն ընթացք առած է «տարբեր պլոքներու «հայկականացում»-ի ՌԱԿ-ի ընտրական նպատակի իրագործման հոլովոյթը:



