ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Բլուրի վրայ շողեր հրաժեշտ
ոչ մէկ ճառագայթ
ջաղացն աւերակ կը ծուարի լուռ
ցամքած է առուն
Ծառերը անբոյր, ծառերը անգոյն
կանգնած են հեռուն
խառն ու յանցաւոր
Հարթ աւազին տակ ոտնահետքեր բիւր
հետքեր զուգահեռ
Ճայ մը կը շտապէ դէպի հորիզոն
Ալիքը յամառ ժայռը կը մաշէ
յօդաշար, յօդաշար, յօդաշար…
երկնքի վրայ ամպեր կան տարտամ
ոչ մէկ նմանակ
Հովը կը բերէ ձայներ տարակամ
ոչ մէկ եղանակ
Ջաղացի պատին ճպուռ մը մինակ
մութին կը ձայնէ
ոչ մէկ արձագանգ
Ալիքը յամառ ժայռը կը մաշէ
յօդաշար, յօդաշար, յօդաշար…


