Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԺՈՄՊԼԱԹ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՀԵՐԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԷՏՔ Է ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐԵԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԸ»

November 15, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» օրաթերթին մէջ լոյս տեսնող շաբաթական իր յօդուածին ընդմէջէն շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին Լիբանանի պաշտպանութեան ծառայող Դիմադրութեան զէնքին, եթէ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան որեւէ յարձակում սանձազերծուի: «Սակայն այդ մէկը չ՛արգիլեր, որ վերադառնանք Ազգային երկխօսութեան եւ ճշդենք այն ձեւերն ու միջոցները, որոնց գործադրութեամբ կարելի պիտի ըլլայ Դիմադրութեան զէնքը լիբանանեան բանակին մէջ ներգրաւել», ըսաւ ան:

Ակնարկելով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ըմբռնելով հանդերձ այդ ատեանին նկատմամբ Հըզպալլայի վերապահութիւնները, պէտք է նշել, որ այդ ատեանը կատարուած իրողութիւն մըն է, որուն ֆինանսաւորումը անհրաժեշտ է` պահպանելու համար Լիբանանի ազգային շահերը: Ան աւելցուց, որ 2006-ի Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին Միջազգային դատական ատեանը հիմնելու շուրջ համախոհութիւն գոյացած էր:

Անդրադառնալով Սուրիոյ իրադարձութիւններուն` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ արաբական նախաձեռնութեան գործադրութիւնը լաւագոյն ձեւն է` դուրս գալու համար տագնապալի այս իրավիճակէն: Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ կացութիւնը կարելի կ՛ըլլայ բարելաւել միայն քաղաքական արմատական բարեկարգումներու գործադրութեամբ:

«Անհրաժեշտ է, որ Դամասկոս առանց յապաղումի գործադրէ արաբական նախաձեռնութեան կէտերը», նշեց Ժոմպլաթ` աւելցնելով, որ պէտք է առաջքը առնել Սուրիոյ հարցերուն մէջ արտաքին միջամտութիւններուն:

 

Նախորդը

«ԴԱՄԱՍԿՈՍ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԿԸ ՄՆԱՅ ՄԻՋԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ» ՇԵՇՏԵՑ ԴԵՍՊԱՆ ԱԼԻ

Յաջորդը

ՊԸՐՐԻ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԸՆԴԱՌԱՋԵԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԵՐՈՒՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.