Գրական Առօրեայ
Ա. Արփինէ
Շատ բծախնդիր, քիչ արտադրող, աւելի քիչ թերթերու մէջ երեւցող գրողներու այն դասուն կը պատկանի Ա. Արփինէ, որոնք նովիւ բանիւ կը մնան քիչերուն ծանօթ, հասարակութեան լայն խաւին գուրգուրանքէն հեռու` հակառակ իրենց արժանիքներուն, անառարկելի շնորհներուն:
Քսան տարի կ՛ընէ Ա. Արփինէի սկիզբը, բայց հազիւ երեսունի կը հասնի իր արտադրած պատմուածքներուն թիւը:
Ըսել կ՛ուզենք, որ Ա. Արփինէ շատ արտադրելը առաքինութիւն չհամարեց եւ ոչ ալ գրեց ծափի ու պսակի համար: Գրե՛ց: Ինքն իրեն համար նախ, նախ` ինքն իրմէ ազատագրուելու եւ ապա՛ միայն այլոց հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու համար, ինչպէս կ՛ընեն արուեստին հանդէպ յարգանք ունեցող բոլոր հոգիներ:
Իր սակաւաթիւ պատմուածքներուն մէկ մասը նորէ՛ն զեղչելով` Ա. Արփինէ վերջերս ծրագրեց կազմել իր առաջին հատորը, որ այս պահուս, «Կեանքի կատակերգութիւնը» անունով նետուած է հրապարակ:
Բարձրորակ թուղթի վրայ ու մաքուր տպագրութեամբ օժտուած ստուար այս հատորը պիտի ըլլայ, անտարակոյս, շատ կարդացուած հատոր մը ու պիտի համարուի վերջին տարիներուն հրատարակուած սփիւռքի լաւագոյն գործերէն մին:
Կեանքի բիրտ իրականութեան եւ բաղձալի իրականութիւններու միջեւ տուայտող հոգիի մը պատմութիւնն է «Կեանքի կատակերգութեան» առանցքը: Մերթ սէրը կ՛արիւնի էջերուն վրայ, արմատախիլ մարդոց արեան ցաւագին կանչը կը լսուի, տեղ մը նախանձը մարմին կ՛առնէ, արտայայտութենէ վախցող տառապանքը, զոհողութիւնը, գութը:
Ա. Արփինէ յուշագրողի մը, օրագրողի մը յատուկ եղանակով կը սկսի իւրաքանչիւր պատմուածք, որ, սակայն, դէպքերու չոր յաջորդականութեամբ չի խճողեր էջերը, խորհրդածութիւններով չի ծանրացներ զանոնք, աւելի շատ կը պատմէ դէպքերուն շարժառիթները, անոնց անդրադարձը: Յուզաթաթախ ու նկարչագեղ ոճին շնորհիւ` «Կեանքի կատակերգութիւնը» յաջողած է նուաճել բաբախուն, վարակիչ մթնոլորտ մը, ուր հաճելի է հետեւիլ իրերու եւ մարդոց փոխյարաբերութիւններուն, հակասութիւններուն, յուզումներուն:
Նոր դէմքի մը դիմաց` ուրախութիւն է մեզի համար նման տողեր կարենալ գրելը:
Կարդացէք այս գիրքը, ու պիտի վարձատրուիք:
Պ. Ս.
Երկու Քոյրեր
(Հատուածներ)
Ընկերուհիներս կը խօսէին, կը կատակէին, կը քրքջային: Բայց ես լուռ էի: Շուրջս մաղուող լոյսերէն, շշուկներէն, գոյներէն հոգիս տակաւ կ՛արբենար, խորհրդաւոր զգացումներով կը թրթռար ու կարծես նոր ու անակնկալ բանի մը կը սպասէր…
Երկա՜ր խմելէ ետք Թոմրուքի կաթնահամ ջուրէն, կը վերադառնայինք, երբ կրկին վազեցի ետ, դէպի աղբիւրը` անյագ պապակի մը յագուրդ տալու համար կարծես:
Այդ միջոցին էր, որ աղջիկներուն քրքիջը լռեց, թաւ ձայներ լսուեցան, մէկը անունս տուաւ:
– Մատլէ՛ն, կը բաւէ, վերջը կը գինովնաս…
Իսկոյն ճանչցայ: Աշոտին ձայնն էր: Բոլորը խնդացին: Խնդացի նաեւ ես ու հազալով գլուխս բարձրացուցի: Այն ատեն… աչքերս հանդիպեցան զոյգ մը անծանօթ աչքերու… Պահ մը տատանեցայ կարծես, ու սիրտս խելայեղօրէն արագ տրոփեց… Ակնարկի մը ջերմութեան տակ զգացումներու շքեղ զարթնում մը, խլրտում մը, ալեկոծում մը ծայր տուաւ հոգիիս մէջ…
Սկիւտարէն չէր ան: Աշոտին մէկ բարեկամն էր, որ իրեն էր այցելեր այդ կիրակին: Քիչ ետք մեկներ էին արդէն, բայց ան իրեն հետ տարեր էր հոգիիս խաղաղութիւնը…
Որքա՜ն տգեղ երեւցած պէտք է ըլլամ, կ՛ըսէի մտովի: Յետոյ կը խնդայի ու կը ջանայի մոռնալ պատահածը: Բայց ի զուր, մտածումս կը մերժէր վանել իր պատկերը:
***
Կեանքի մէջ կան տարիներ, զորս ոչ մէկ գնով պիտի ուզէինք վերստին ապրիլ, ու կան նաեւ ժամեր, որոնք կրկին ապրելու համար թերեւս սիրով պիտի տայինք մեր կեանքի մնացեալ մասը:
Վստահ եմ` քաջութեամբ պիտի չկարենայի տանիլ յաջորդող տարիներուն դժբախտութիւնները` առանց իր պատկերին, առանց մեր վերջին հանդիպումի յաճախակի վերյիշումին: Անակնկալ դժբախտութիւններով լեցուն տառապանքի տարիներ էին: Շատ անգամներ մինչեւ կէս գիշեր կ՛աշխատէի: Գործերս կարգի դնելէ ետք, սիրոյս ու գաղտնիքիս հետ առանձնացած կ՛ասեղնագործէի: Կը յիշէի մեր բաժանումի պահը: Իր պատկերը աչքերուս առջեւ կը կենդանանար: «Երբ ասիկա աւարտի ու հագուիմ, քուկդ եղած պիտի ըլլամ», կ՛ըսէի ու ան կը ժպտէր իր տաք ու կրակոտ աչքերովը:
Աշոտէն էր լսեր դասերուս մասին: Զով ու ամպոտ օր մըն էր եւ, երբ շոգենաւը մօտեցաւ, ինծի թուեցաւ, թէ անունս լսեցի ու զինուորի մը ուրուագիծը տեսայ պարապ կամրջակի վրայ: Սիրտս կանգ առաւ յանկարծ: Զգացի, թէ որո՛ւ ձայնն էր եւ ո՛վ կը մօտենար, ու իր աչքերուն բարձրացող աչքերս պղտորեցան յանկարծ:
Ճամբորդներէն խուսափելու համար ելանք կամրջակը:
– Եթէ միայն գիտնայի, թէ ի՛նչ բանի համար էին այդ արցունքները,- ըսաւ, մօտս նստելով:
Տակաւ սկսաւ խօսիլ, ընդհատ, երբեմն` անկապ:
– Կրնայ ըլլալ, որ երկրորդ արձակուրդ մը չկարենամ առնել… Վաղը կը մեկնիմ եւ, ո՜վ գիտէ… Գիշերուան մը մէջ կեանքդ կը յեղաշրջուի. անծանօթ էակ մը գոյութեանդ իմաստ ու գեղեցկութիւն կու տայ, կը զգաս, թէ գինով ես երջանկութեամբ, սէրով, գտած ես ան, զոր կը կարծէիր երբեք չգտնել: Եւ ահա աւերիչ պատերազմը… Կը ստիպուիս կռուիլ հրամանին տակ սա հրէշներուն, որոնք տզրուկներու նման կ՛ուզեն ծծել արիւնը ազգիդ: Բայց կ՛երդնում, կ՛երդնում սիրոյս վրայ, որ առաջին առիթով իսկ պիտի դառնամ իրենց դէմ, առաջին առիթով իսկ պիտի լուծեմ վրէժը թափուած անմեղ արիւնին:
Կը խօսէր խիստ ցած: Ձայնը երբեմն կը լսուէր դառնութեամբ, ատելութեամբ:
Կ՛ուզէի գլուխս ուսին դնել ու հեկեկալ: Կ՛ուզէի, որ շոգենաւը երբեք Ղալաթիոյ քարափը չհասնէր եւ մեր ճամբորդութիւնը վերջ չունենար:
Խօսեցաւ անցեալի ու ապագայի ծրագիրներու մասին, յետոյ թախծոտ ձայնով աւելցուց:
– Անշուշտ, այս հանդիպումը, այս խօսքերը, քեզի համար չեն կրնար որեւէ նշանակութիւն ունենալ… Պատերազմ է, գուցէ չվերադառնամ, եւ աղջիկ մը կ՛ուզէ ազատ ըլլալ… ազատ զգալ…
– Ինչպէ՜ս կրնաս այդպէս խօսիլ,- գոչեցի,- մի՞թէ աչքերս չպատմեցին ամէն բան… Ոչ ոք սիրած էի այսպէս, եւ ոչ ոք կրնամ սիրել այլեւս: Պիտի սպասեմ… կ՛երդնում սիրելիներուս վրայ, որ կեանքիս վերջը պիտի սպասեմ…
* * *
Չէի կրցեր հաշտուիլ ըրած սխալիս հետ եւ զայն ուղղելու համար, Բերայի վաճառատուներուն մէջ նիւթը ի զուր փնտռելէ ետք, յոգնած ու ընկճուած տուն կը վերադառնայի, երբ նկատեցի ձեղունի մը լոյսը, զոր կը վառէինք, երբ հիւրեր ունենայինք: Սրտնեղացայ: Ոեւէ մէկուն հետ բառ մը իսկ փոխանակելու անտրամադիր էի: Յանկարծ սրունքներս կթոտեցան ու կառչեցայ բազրիքին: Աչքերս սեւեռած մնացին դրան քովի պատուհանին: Կարծեցի, թէ կ՛երազեմ, կամ յիմարացած եմ, բայց ո՛չ, ան էր, ա՜ն…
Անցնող երկար տարիները զինքը աւելի վայելուչ էին դարձուցեր եւ շատ բան էր փոխուեր նախկին լռակեաց, սակաւախօս Վազգէնէն: Կը խօսէր եռանդով, ձեռքի շարժումներով: Դէմքը պայծառ էր եւ ծիծաղը կը հնչէր բարձր ու երջանիկ:
Իր դէմ նստեր էր Մելինէն, իր ամէնէն սիրուն շրջազգեստներէն մին հագած, մազերը խնամքով յարդարած, գեղեցիկ դէմքը նոր լոյսով մը վառուած:
Պահ մը փակեցի աչքերս ու մնացի անշարժ: Տարիներ ամբողջ սպասեր էի այդ օրուան, եւ ահա հոն էր ան: Տեսողութեան խաբկանք չէր: Հոն էր ան` առոյգ ու շէնշող: Իսկ հոս էի ես, դուրսը, պատուհանին տակ, յոգնած, տառապած, տգեղցած ու խորտակուած:
«Պիտի յիշեմ քեզ ճիշդ այսպէս», ըսեր էր ան վերջին անգամ ու հաւանաբար կ՛անկնալէր զիս տեսնել ճիշդ այնպէս, ինչպէս այժմ Մելինէն էր իր դիմաց: Տարիներ ամբողջ կեանքիս միակ երազն էր եղեր այս պահը, ու ահա մէջս ո՛չ քաջութիւն կար եւ ո՛չ փափաք իր մօտ երթալու:
Ա. ԱՐՓԻՆԷ
(«Կեանքի կատակերգութիւն»)
