«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան դատ բացած է «Ա. Հապեր» կայանին կողմէ հրապարակուած լուրի մը կապակցութեամբ, որ կը կրէր «Կարօ Փայլանէն սեւ քարոզչութիւն» խորագիրը եւ կ՛առնչուէր Հայոց ցեղասպանութիւնը հաստատելու Փայլանի քայլին:
Փայլան դիտել կու տայ, որ այդ լրատուութիւնը իր մասին զրպարտութիւններ կը բովանդակէ, եւ որ լուրի հաղորդման ընթացքին իր անձին դէմ անարգական արտայայտութիւն կատարուած է:
Հարցը կը վերաբերի Փայլանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի միջեւ հանդիպման ընթացքին խօսուածներուն: Կարօ Փայլան կը գրէ, որ Փարիզի մէջ Մաքրոնի հետ քննարկումի նիւթ դարձած էին Սուրիոյ վերջին քաղաքական զարգացումները եւ Աֆրինի հարցով իրենց մտահոգութիւնները: Իր այս արտայայտութիւնները սփռուած են ֆրանսական «Ֆրանս 24» կայանէն: Արդարեւ, իրեն ուղղուած հարցումի մը պատասխանելով, ան ըսած է, թէ քրտամէտ կուսակցութիւնը ժողովրդավարութիւն կ՛առաջարկէ եւ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւն հիմնել կը փափաքի, նաեւ աւելցուցած է, որ իբրեւ հայ ինք մտավախութիւններ ունի:
«100 տարի առաջ միեւնոյն բանը եկաւ հայոց գլխուն, տագնապը ցեղասպանութեամբ վերջ գտաւ: Այն ատեն հայերը առաջարկներ ունէին, իսկ հիմա քիւրտերն են, որոնք առաջարկներ ունին, եւ դժբախտաբար կառավարութիւնը այս առաջարկներուն պատասխան չի տար: Մարդիկ Թուրքիոյ մէջ հաւասարութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ խաղաղութիւն կ՛ուզեն: Մեր խոստումն ալ Թուրքիոյ ա՛յս է: Ես մինչեւ այսօր` իբրեւ քաղաքագէտ, միշտ խաղաղութեան պաշտպան հանդիսացայ: Այսպէս` «Ֆրանս 24» կայանէն համոզումս ցոլացուցի: Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ տեղի ունեցած պայքարին մասին իմ մտավախութիւններս յայտնեցի: Յայտնեցի, որ բախումներով եւ պատերազմներով տեղ մը հասնիլ կարելի չէ», կ՛ըսէ Փայլան:
Ան ապա կը յայտնէ, որ իր խօսածները թրքական լրատուական կեդրոններէն զրպարտութիւններով եւ անարգանքներով զարդարուած ու իր անձին դէմ մահափորձի ձեւը առած են, եւ ա՛յդ պատճառով է, որ այժմ որոշած է դատական իշխանութիւններուն դիմել: