Իտալացի թենիսմեն Ֆապիօ Ֆոնինի պրազիլական Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին տիրացած իր տիտղոսը նուիրեց իտալական Ֆիորենթինայի խմբապետ Տաւիտ Ասթորիի յիշատակին:
Ան աւարտականին յաղթեց չիլիցի Նիքոլա Ճարիի` տիրանալով իր արհեստավարժ ասպարէզին 6-րդ տիտղոսին:
«Յոյսով եմ, որ իմ արձանագրած յաղթանակս քիչ մը կը սփոփէ բոլորս` իտալական մարզաշխարհին համար տխուր նկատուող այս օրով: Այս տիտղոսը կը նուիրեմ Ասթորիի եւ անոր ընտանիքին, թէեւ անձամբ ծանօթ չեմ իրեն, բայց բոլորն ալ կը վկայեն, որ ան ուրախ անձնաւորութիւն մըն էր», ըսած է Ֆոնինի:



