Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, 9-11 մարտին Արզի շրջանին մէջ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց, ինչպէս նաեւ կրտսերներու Լիբանանի ախոյեանութիւնը:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ այս ախոյեանութեան մասնակցիլ փափաքողները առաւելագոյնը մինչեւ հինգշաբթի, 8 մարտ, ժամը 15:00, իրենց անունները պէտք է արձանագրեն:
Նշուեցաւ նաեւ, որ բոլոր մասնակցողները պէտք է դահուկարշաւի միջազգային ֆետերասիոնին ցանկին վրայ ըլլան եւ ունենան «ՖԻՍ Քոտ»:
Ֆետերասիոնը հինգշաբթի օր, «Ուայթ Սիտըրզ» պանդոկին մէջ (Արզ), ժողով մը պիտի գումարէ խումբերուն նախագահներուն եւ պատասխանատուներուն հետ ախոյեանութեան վերաբերեալ հարկ եղած բոլոր մանրամասնութիւնները փոխանցելու համար:


