Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ ամրան Սեւանի մէջ, ֆութպոլի դպրոց պիտի բացուի:
Ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի որոշումով, ֆութպոլի այս դպրոցին շինարարութեան բոլոր աշխատանքները պիտի կատարէ ֆետերասիոնը:
Նշուեցաւ նաեւ, որ ֆութպոլի այս դպրոցին շինարարութենէն բացի, պիտի բարեկարգուի Սեւանի նախկին զբօսայգիին տարածքն ալ:



