Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Մինչեւ 9 Ապրիլ Ներքին Կարգով Կը Գիտնանք Վարչապետի Թեկնածուին Անունը, Բայց Չենք Յայտարարեր»

March 6, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է այն հարցին, որ սահմանադրութեամբ նախատեսուած էր 2 մայիսի նիստին վարչապետ առաջադրել, սակայն անիկա յառաջաձգուած է 16 ապրիլին` հաստատելով, որ ատիկա յանկարծակի կերպով առնուած քայլ չէ:

«Վարչապետի թեկնածուն պէտք է առաջադրուի սահմանադրութեան ժամկէտներուն համաձայն: Վարչապետի ընտրութեան համար խորհրդարանական ուժերը պէտք է ձեւաւորեն կայուն մեծամասնութիւն, որուն համար ժամանակ կը ճշդուի: Պէտք է նախապէս ասոր առնչուած քննարկումներ կատարուին», դիտել տուած է ան:

Ըստ անոր, Ազգային ժողովին մէջ վարչապետի ընտրութիւնը ձեւական բնոյթ կը կրէ, քանի որ եթէ վարչապետի անձին շուրջ համաձայնութիւն չգոյանայ, կայուն մեծամասնութիւն չըլլայ, վարչապետի թեկնածուն առաջադրուած չի նկատուիր:

Անդրադառնալով համախոհական կառավարութեան մէջ վարչապետի անձին վերաբերող քննարկումներուն` Արմէն Ռուստամեան ըսած է, որ 9 ապրիլին նախորդող օրերուն առաջին քննարկումները տեղի կ՛ունենան: «Հանրապետականը պէտք է առաջադրէ վարչապետի թեկնածուն: 9 ապրիլէն առաջ տեղի կ՛ունենայ այդ քննարկումը, բայց այդ թուականէն առաջ ոչինչ կը յայտարարենք: Մինչեւ 9 ապրիլ ներքին կարգով կը գիտնանք վարչապետի թեկնածուին անունը, բայց չենք յայտարարեր»: Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, որ Սերժ Սարգսեանը Դաշնակցութեան համար նախընտրելի թեկնածո՞ւ է` Ա. Ռուստամեան ըսած է, որ ՀՅԴ-ն պատրաստ է քննարկելու որեւէ անուն:

«Ի տարբերութիւն բոլոր մնացեալ ուժերուն, երբ Դաշնակցութիւնը կը ձեռնարկէ փոփոխութիւններու, անիկա չի պայմանաւորուիր անձերով: Մենք չենք բացառեր, որ Սերժ Սարգսեանը կը յաւակնի վարչապետի պաշտօնին, սակայն Սերժ Սարգսեանը պիտի չունենայ այն լայն լիազօրութիւնները, որոնք ունէր մինչ այդ: Մենք կ’երաշխաւորենք, որ ամէն մէկը ունի իր առանձին դաշտը, քաղաքական համակարգին մէջ կատարուած են լուրջ փոփոխութիւններ, այս է կարեւորը», յայտնած է Ռուստամեան` շեշտելով, որ քաղաքականութեան մէջ ոչինչ բացառուած է: Ըստ անոր, թէեւ վարչապետը պէտք է ունենայ լիազօրութիւններ, բայց ոչ բացարձակ. լիազօրութիւնները պիտի բաժնուին, ապակեդրոնացում տեղի ունեցած է, լիազօրութիւններուն մեծ մասը անցած է խորհրդարանին, մէկ մասը` կառավարութեան, որուն ղեկավարը վարչապետն է, եւ զգալի մաս մըն ալ անցած է անկախ դատական համակարգին: «Մենք պիտի ունենանք իշխանութեան ճիւղերու տարանջատումը ապահովող համակարգ, որուն մէջ դերակատարութիւն ունի նաեւ նախագահը»:

Խօսելով հայ-թրքական արձանագրութիւններու չեղեալ հռչակման մասին` Արմէն Ռուստամեան հաստատած է, որ ատիկա շատ կարեւոր ձեռքբերում է` դիտել տալով, որ Դաշնակցութեան վարած այս քաղաքականութեան արդիւնքները ուշ, բայց ոչ ուշացած արձանագրուեցան: Անոր համաձայն, կարելի է նաեւ սխալիլ, բայց պէտք է խիզախութիւն ունենալ այդ սխալը ուղղելու:

«Կը կարծեմ, որ մենք պէտք է կարենանք օգուտներ քաղել այս բոլորէն: Այդ օգուտները ակնյայտ են, որովհետեւ ակնյայտ դարձաւ Թուրքիոյ իրական դէմքը: Պարզ դարձաւ, որ այդ երկիրը այս վարչակազմով շատ հեռու է քաղաքակիրթ աշխարհի վարչակազմէն: Սխալ է կարծել, թէ ան փոխուած է ու նախկին Թուրքիան չէ եւ չի շարունակեր Օսմանեան Թուրքիոյ տխուր աւանդութիւնները: Ատիկա ինքնախաբէութիւն է», յայտնած է Ռուստամեան:

Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիոյ հետ դրացի ըլլալով, պէտք է ի վերջոյ յարաբերութիւնները կարգաւորուին այն սկզբունքին հիման վրայ, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու միջոցով ձեռնամուխ պէտք է ըլլալ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ բոլոր խնդիրներու լուծման: «Այդ խնդիրները բազմաթիւ են եւ պէտք է զանոնք լուծել յարաբերութիւններ հաստատելով», ըսած է ան:

Արմէն Ռուստամեանի համաձայն, հարցերը պէտք է տեղափոխուին միջպետական յարաբերութիւններու դաշտ, ու բոլոր խնդիրները, միջազգային փորձին, արժեհամակարգին հիման վրայ իրենց լուծումը պէտք է ստանան: «Մենք կ’ըսենք, որ եթէ Հայաստան զոհն է Ցեղասպանութեան, ատոր կրողն է մինչեւ հիմա, ու եթէ չի բարձրացներ հարց, որ` «եթէ չճանչնաս, այլեւս ոչ մէկ յարաբերութիւն», ուրեմն ասիկա մեծագոյն զիջումն է, զոր Հայաստան կրնայ ընել ի շահ յարաբերութիւններու հաստատման: Ոչ ոք իրաւունք ունի Հայաստանէն եւ հայ ժողովուրդէն ասկէ աւելի պահանջելու», եզրափակած է ան:

 

Նախորդը

Արցախի Նախագահը Ընդունած Է Ֆրանսական Պատուիրակութիւն Մը

Յաջորդը

Գագիկ Յարութիւնեան Միաձայնութեամբ Ընտրուեցաւ Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի Նախագահ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.