Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Մարատայի հաստատութեան ընկերային ցանցերու աքթիվիսթներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Մարատա հոսանքը իր հիմնուած օրէն քաղաքական իր ուղեգիծը փոփոխութեան չէ ենթարկած, եւ ոչ ալ պիտի ենթարկէ:
Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք ինքզինք հանրապետութեան նախագահութեան թեկնածու չէ առաջադրած, այլեւ` նախագահ դառնալու առաջարկ ստացած է: «Սակայն այս իմաստով ամէնէն կարեւորը այն է, որ քաղաքական մեր ուղեգիծը յաղթանակ արձանագրած է», աւելցուց ան:
Ֆրենժիէ հերքեց Մարատա հոսանքին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան համակիրներուն միջեւ բախումներու հաւանականութիւնը, շեշտելով, որ իրենք պատրաստ են գործակցելու բոլոր անոնց հետ, որոնք համեստօրէն կը փափաքին Մարատային հետ գործակցիլ, «սակայն պիտի չարտօնենք, որ մեզի ջնջեն», աւելցուց ան:
Ան հաստատեց, որ Մարատա հոսանքը բնաւ չէ փորձած Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ջնջել, սակայն հակառակը ճիշդ է:
Ֆրենժիէ նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանքին համար Մարատայի գոյութիւնը ընդվզեցուցիչ է, որովհետեւ անոնք համոզուած են, որ այնքան ատեն, որ Մարատա գոյութիւն ունի` ուրեմն վտանգը առկայ է:
«Մենք բոլորս ներկայ ենք եւ պէտք է զիրար ամբողջացնենք», ըսաւ Ֆրենժիէ ընդգծելով, որ իշխանութեան մէջ արդարութիւնն է հիմքը եւ ոչ թէ տրուած ինքնագլուխ որոշումները:
Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն, Ֆրենժիէ յայտնեց, որ հիւսիսային Լիբանանի Գ. ընտրաշրջանին համար ընտրացանկերը մօտիկ ապագային պիտի պատրաստուին: Ան ըսաւ, որ Մարատա հոսանքը բոլոր ընտրաշրջաններուն մէջ պիտի զօրակցի իր դաշնակիցներուն:
Պաթրունի մասին հարցումի մը պատասխանելով Ֆրենժիէ նշեց. «Ո՛վ որ ինքզինք Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ քաղաքական մեծագոյն խմբաւորումին ղեկավարը կը յորջորջէ` կը պայքարի խորհրդարանին մէջ իր աթոռը ապահովելու իմաստով: Իսկ նախագահական ընտրութեան պարագային երեսփոխան Պութրոս Հարպ ինծի զօրակցեցաւ, եւ իմ պարտականութիւնս է Հարպին նեցուկ կանգնիլ»:



