Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլի Հիւսիսային Լիբանան Շրջապտոյտը

Մարտ 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին այցելեց հիւսիսային Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան համակիրներուն հետ:

Ժաժի մէջ հանդիպումի մը ընթացքին Պասիլ հաստատեց, որ իրենք իբրեւ կուսակցութիւն յոգնած են եւ աշխատած, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին տնտեսութիւնը բարելաւել, պետական պիւտճէի նիւթական բացը նուազեցնել, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան եւ նաւթի հարցերուն լուծում գտնել:

«Այս երկրին մէջ ծրագիրները արգիլելու դէմ ընդվզումը նուազագոյն արտայայտութիւնն է, եւ այդ պատճառով ալ կը փափաքինք, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին մեզի զօրակցիք: Եթէ արտօնէին, որ մենք ելեկտրականութիւն ապահովելու ծրագիրը ամբողջացնէինք, ապա ելեկտրական հոսանքը շուրջօրեայ դրութեամբ կարելի պիտի ըլլար ապահովել», ըսաւ ան:

Պասիլ աւելցուց, որ ելեկտրական հոսանքը արտադրելու ծրագիրը խոչընդոտող կողմն է, որ այսօր հարց կու տայ, թէ ի՞նչի պիտի ծառայեն ելեկտրականութիւն արտադրող նաւերը` պահանջելով ելեկտրակայաններ հիմնել, «մինչդեռ օրին նոյն կողմն էր, որ կասեցուցած էր ելեկտարակայանները հիմնելու ծրագիրը», շեշտեց Պասիլ:

Պասիլ հաստատեց, որ 2015-ին ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ անձամբ արգելակած է Տէյր Աամարի ելեկտրակայանին ֆինանսաւորումը:

Քարթապայի մէջ Պասիլ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ փոքրամասնութեան նման պէտք չէ վարուիլ:

«Քաղաքական հեղինակութիւններէն ստանձնած ենք սնանկացած պետութիւն մը եւ կը ջանանք զայն բարեկարգել, իսկ հզօր պետութիւն մը ունենալու համար կարիքը ունինք հզօր նախագահի, հզօր նախարարի, հզօր երեսփոխանի եւ հզօր տնօրէնի», ըսաւ Պասիլ:

Պասիլ այցելեց նաեւ Զղարթա, ուր հանդիպումի մը ընթացքին շեշտեց, որ եթէ ոմանք չեն տեսներ, թէ ի՛նչ գեղեցիկ բաներ կը պատահին Զղարթայի մէջ, ապա անոնք չեն կրնար պատկերացնել անոր ունենալիք գեղեցիկ ապագան: «Մայիս 2018-ին Զղարթա փոփոխութեան պիտի ենթարկուի», ըսաւ Պասիլ:

Լասայի մէջ Պասիլ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի ըլլայ լիբանանեան քաղաքական ուժերը կամրջող կողմը` անկախ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքներէն:

Պասիլ Մըզիարայէն յայտարարեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը փափաքի, որ բոլոր լիբանանցիները ներառնուին լիբանանեան պետութեան ծրագիրին եւ Լիբանանի պատկանելիութեան իրականութեան մէջ` նախքան այլ ծրագիրներու մէջ իրենց պատկանելիութենէն:

 

 

Նախորդը

Ֆրենժիէ. «Պիտի Չարտօնենք, Որ Մեզի Ջնջեն»

Յաջորդը

Հարիրի Սինիորային Առաջարկեց Սայտայի Մէջ Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրել

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?