Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՂՈՎՄԻ կուսակցութիւնը Հիւսիսային Մեթնի մարոնի աթոռին համար առաջադրեց Ղասսան Աշքարի թեկնածութիւնը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ մաղթեց, որ 15 մարտին Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք լիբանանեան բանակի օժանդակութեան խորհրդաժողովը յաջողութեամբ պսակուի:

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ ինք լաւատես է երկրին ելեւմուտքի քաղաքականութիւնը ճշդելու իմաստով որդեգրուած քայլերուն նկատմամբ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Հասան Շահհալի հետ, որ յայտնեց, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրին տկարացնելը նախ Լիբանանի եւ ապա սիւննի համայնքին հաշուոյն գործուած սխալ մըն է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր շեշտեց, որ Ամալ շարժումին եւ Հըզպալլայի միջեւ գոյացած ընտրական դաշինքը երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին փայլուն արդիւնքներ պիտի արձանագրէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի հաստատեց, որ Հըզպալլա մնայուն կերպով պիտի զօրակցի իր դաշնակիցներուն: «Որոնց հետ, որ ազատագրութեան պայքար մղած ենք, պիտի մղենք նաեւ պետութեան կերտումի պայքար», ըսաւ Մուսաուի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հըմայէտ յայտնեց, որ իրենք պիտի մնան Լիբանանը դէպի փրկութիւն առաջնորդող դրական կեցուածքին մէջ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի անդամ Ուէալ Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ  սէուտցի յատուկ պատուիրակ Նիզար Օլուլայի հետ իրենց հանդիպումը եղած է դրական, եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու նոր դուռ մը բացած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի խոստացած է իսլամական բանտարկեալներուն ներում շնորհել, աւելցնելով, որ Թրիփոլիի մէջ հիմնական հինգ ընտրացանկեր իրարու դէմ պիտի պայքարին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի կոչ ուղղեց խիտ շարքերով մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն, աւելցնելով, որ անիկա լիբանանցիին իրաւունքն է եւ արտայայտուելու անհրաժեշտութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ կարելի է ընտրական դաշինք մը գոյացնել Պաապտայի մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կարգ մը թղթածրարներ կը մնան Հըզպալլայի տրամադրութեան տակ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Հըզպալլան եւ Լիբանանի ժողովուրդը երկուորեակներ են, որոնք իրարմէ չեն կրնար բաժնուիլ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները քննարկումի հիմնական օրակարգն են վարչապետ Սաատ Հարիրիի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութեան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ հիմնական հարցը այն է, որ 2018-ի պետական ամավարկը կը դրսեւորէ քաղաքական եւ տնտեսական իրականութիւն մը, որմէ կը տառապինք:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ Մուսթաքպալի հետ ընտրական դաշինք կարելի է գոյացնել տարբեր ընտրաշրջաններու մէջ, Հըզպալլայի հետ կարգ մը ընտրաշրջաններու մէջ, իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ` սահմանափակ թիւով ընտրաշրջաններու մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ իրենց քաղաքական ուղեգիծը օր մը օրանց անձնական շահեր ապահովելու նպատակով չէ գործած:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիվ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի սպանութիւնը աւելորդաբանութիւն է:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը շաբաթ օր թռիչքներ գործեց Մազարեհ Շեպաայի վերեւ: Իսկ Հասպայայի Մարի գիւղաքաղաքին մէջ շաբաթ յետմիջօրէին գտնուեցաւ սնտուկ մը, որ իսրայէլեան ձեռնառումբեր կը պարունակէր:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական արքունիքի յատուկ պատուիրակ Նիզար Օլուլա մօտիկ ապագային պիտի վերադառնայ Լիբանան: Նոյն օրաթերթը իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, կը հաստատէ, որ Լիբանան ապահովական բացառիկ կայունութիւն կը վայելէ:

 

 

Նախորդը

Աքքայի Մէջ Վրայերթի Պատճառով Վիրաւորուեցան Երեք Իսրայէլացիներ

Յաջորդը

Ֆրենժիէ. «Պիտի Չարտօնենք, Որ Մեզի Ջնջեն»

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?